ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ձեր ուշադրութիւնը կը հրաւիրենք վերը լոյս տեսած յայտարարութեան եւ կ՛առաջարկենք, որ անպայման մասնակցիք «Արցախը՝ ազատագրութենէն մինչեւ պետականութիւն» խորագիրով գիտաժողովին:
Արցախի ազատագրութեան քսանամեակին առիթով կազմակերպուած այս ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն յայտնի ակադեմականներ եւ հասարակական գործիչներ՝ աշխարհի տարբեր շրջաններէն, ինչպէս նաեւ՝ Արցախէն:
ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Կլենտէյլ Քոլեճի Հայ ուսանողական միութեան կողմէ կազմակերպուած այս խորհրդաժողովին, Արցախէն կը մասնակցի ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, Արցախեան ազատամարտին մասնակցած Դաւիթ Իշխանեանը:
Մասնակիցներու շարքին են Քալիֆորնիոյ Պըրքլիի համալսարանի Հայկական ուսմանց ամպիոնի վարիչ տնօրէն փրոֆ. Ստեփան Ասդուրեան, Կլենտէյլ Քոլեճի պատմութեան դասախօս Լեւոն Մարաշլեան, Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին դեսպան՝ «Մոտուս Վիվենտի» վերլուծական կեդրոնի տնօրէն Արա Պապեան, քարտէսագէտ եւ պատմաբան Ռուբէն Ղալիճեան (Մեծն Բրիտանիայէն), Ֆրանսայի մէջ հայկական կազմակերպութիւններու միացեալ մարմինի համանախագահ Մուրատ Փափազեան, ՀՅԴ Արեւելեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, Արցախի վերաբնակեցման գործին մէջ կարեւոր ներդրում բերած «Թիւֆէնքեան» հիմնարկութեան անդամ դոկտ. Անդրանիկ Գասպարեան (Նիւ Ճըրզիէն), հասարակական գործիչ եւ մանկավարժ դոկտ. Ռազմիկ Շիրինեան, «Ալէք Փիլիպոս» վարժարանի տնօրէն, Արցախի մէջ առողջապահական կառոյցներու բարեկարգման գծով ներդրում ունեցող դոկտ. Ալինա Տօրեան եւ շրջանիս հայ երիտասարդական շարժումէն ներս դերակատար, հասարակական գործիչ Վաչէ Թովմասեան:
Մէկօրեայ խորհրդաժողովը պիտի գումարուի երեք նիստերով, Կլենտէյլ Քոլեճի «Օտիթորիոմ»ին մէջ: Կէսօրուան դադարին մասնակիցները պիտի հիւրասիրուին ճաշով: Մուտքը ազատ է:
Մի՛ փախցնէք այս առիթը: