Բաւականին հրապուրող է այս վերնագիրը բոլոր անոնց համար, որոնք մէկ, երկու, երեք կամ չորս երեխայ ունին ու կը պայքարին ծնողական եւ աշխատանքային ասպարէզի պարտականութիւններու ծանր բերին տակ:
Մանկաբոյժ մասնագէտ մը կը վկայէ իր ապրած փորձառութիւններու մասին եւ շատ հարազատ կերպով կը խօսի՝ բաւական արդար հաստատումներ եւ օգտակար խորհուրդներ ներկայացնելով:
Մանկաբոյժը իր ամբողջ կեանքը նուիրած է երեխաներու եւ ընտանիքներու: Երեխաները իր սեփական հինգ փոքրիկներն են, որոնցմէ առջինեկը հինգ ամսական էր, երբ ինք ընդունուեցաւ բժշկական համալսարան: Հինգերորդ երեխան եօթը տարի ետք լոյս աշխարհ եկաւ, երբ ան իր համալսարանական ուսման աւարտական փորձառական՝ residency-ի բաժինի վերջին օրը կը նշէր: Երկու տարբեր ճանապարհներ՝ մայրութիւն եւ բժշկութիւն, զարմանալիօրէն զուգորդուած էին իրարու: Շատ յաճախ զիրար հակասող, երբեմն՝ զիրար քաջալերող:
Մանկաբոյժը կը հաստատէ. «Երկար տարիներու ընթացքին, երբ կը հետեւէի իմ երեխաներուս կեանքի ուղիին որպէս օգնական դաստիարակ, կամ մասնագիտութեանս բերումով բազմաթիւ ընտանիքներու հետ աշխատելով, ձեռք ձգած եմ որոշ փորձառութիւններ, որոնք կրնամ բաժնել»: Ան կը հաստատէ թէ, որեւէ ծնողք, երեխաներու պարագայով, բոլոր հարցերուն կտրուկ եւ ամբողջական պատասխաններ չի կրնար ունենալ, սակայն ան իր փորձառութեամբ կը հաւատայ, թէ ծնողքը որոշ օժանդակութեան ձեռք կրնայ մեկնել: Այսպէս՝ ընտանեկան յարկը կը դառնայ աւելի ջերմ ու սնուցանող:
1.- Ձեր երեխան կարիքը ունի ձեր անսահման ու անշահախնդիր սիրոյն ու քաջալերանքին: Որպէս ծնողք, անհրաժեշտ է այս մէկուն անդրադառնալ. պէտք է ծնողքը դառնայ առաջին անձը համոզելու իր զաւակը, թէ ան արժանաւոր անձ մըն է, ու ապագային առաջնորդող ճանպարհի ընթացքին ամբողջական ինքնավստահութեամբ թեւակոխելու ուժը ներառկէ անոր: Ձեր զաւակին կրնաք հասկցնել, թէ ինք խնամքի արժանի արարած մըն է՝ ամէնօրեայ ձեր ժամանակին ու ուշադրութեան ենթարկելով զայն: Իրարու հետ առանձին խօսակցութեան պահեր անցուցէք, կամ գիրք մը կարդացէք միասին, կամ ալ խաղացէք խաղ մը, զոր ձեր երեխան շատ կը սիրէ: Օրինակ, կրնաք դպրոցէն ետք ամէն բան ձգել եւ իրեն հետ քիչ մը ժամանակ անցընել: Նոյնիսկ կարելի է երեխային հետ միասին քալել, իսկ այդ միջոցին, եթէ ծանօթի մը հանդիպիք, ձեռքով բարեւցէք ու խոստացէք, որ յաջորդին պիտի խօսիք անոր հետ, որովհետեւ այդ մէկը շատ կը խանգարէ երեխաները: Այդպիսով կը զգան, թէ իրենք այդ արշաւին գլխաւոր դերակատարը չեն: Մինչայդ, այս բոլոր կարգադրութիւնները կատարուած են միայն երեխան հանգստացնելու համար, ուստի անզգալաբար կամ անգիտակցաբար, իրեն օգնելու փոխարէն՝ վնաս կրնան հասցնել: Ձեր երեխային ցոյց տուէք, թէ դուք կ՛արժեւորէք զինք՝ իր զգացումները յարգելով, զինք լսելով ընելով իր մտահոգութիւնները: Երբ ձեր երեխան կը խօսի, ամբողջական ուշադրութեամբ զինք լսեցէք: Զգո՛յշ, երեխաները շատ արագ կը հասկնան, թէ ուշադիր կը լսէ՞ք իրենց, կամ ձեր միտքը հազար ու մէկ տեղ կը սաւառնի… իր պատմածներուն անհրապոյր կերպով կը մօտենաք: Կարելի չէ երեխաները խաբել այս ձեւով: Յարգալիր խօսակցութեամբ ձեր ժամանակը անցուցէք ձեր երեխային հետ, փոխանակ մերթ ընդ մերթ աչքով-յօնքով կամ «ըհ, հը» ըսելով լսէք զինք: Բնականոն խօսակցութիւնը կը նպաստէ թէ՛ բառապաշարի զարգացման, եւ թէ երեխային մօտ ինքնավստահութեան հաստաման: Ձեր երեխաները քաջալերելը նաեւ շատ կարեւոր է: Երբ պատկեր մը գծած տուն կու գայ ան, ո՛չ թէ չափազանցուած բառերով զայն գովերգել, այլ իր ապրած զգացումները իրե՛ն յիշեցնել: Օրինակ, ըսել թէ՝ «Վստա՛հ շատ հաճելի էր քեզի համար այս պատկերը պատրաստելը մեծ մայրերուն համար»:
2.- Ձեր զաւակը ու անոր գոյութիւնը ձեզի համար առաջնահերթութիւն պէտք է ըլլայ: Որպէս աշխատող ծնողներ, տասնեակներով պատասխանատուութիւններու տարափի տակ կը գտնուինք: Կարեւոր բաները պէտք է կարենանք զատորոշել անմիջական եւ արագ կատարուելիք բաներէն: Նոյն մասնագէտը կը հաստատէ, թէ երբ իր առաջին չորս երեխաները ունեցած է, անոնց մայրական կաթով սնուցանած է, բայց ոչ ճշդուած ժամանակահատուածով, այլ՝ շատ փոքր ժամանակով միայն: Այս ըսելով՝ յիշեցնեմ, որ զաւակները առաջ դասել ու անոնց նախապատուութիւն տալ չի նշանակեր նահատակուիլ ու զոհուիլ իրենց համար: Անշուշտ ձեր անձնական կեանքը ապրելու իրաւունք եւ կարիք ունիք: Հիւանդանոցի գրասենեակներէն մէկուն մէջ շատ յարգուած պաշտօն մը ստանձնելը մերժած է մասնագէտ մը, որովհետեւ զգացած է, թէ իր զաւակը իրեն կարիքը ունի: Արդարեւ, զաւակին նախադպրոցական ուսուցչուհին յայտնած է, թէ ան ամէն անգամ, երբ նկարչութիւն կը պատրաստէ ու իր ընտանիքը կը նկարէ, մայրը գոյութիւն չունենար իր աշխարհին մէջ: Այս հաստատումը ինքնին բաւարար էր արդէն գիտակից մօր մը ներքին մայրական ահազանգը հնչեցնելու համար:
3.- Ձեզի հետ գործող «բանակ»ը զօրացուցէ՛ք: Վերջին հաշուով, երկու ձեռք ունիք եւ մէկ անձ էք: Եթէ ձեր ամուսինը ձեռք տուող չէ ու իր անձնական հնարաւորութիւնները բաւարար չեն, ապա կարեւոր է որ օժանդակութեան այլ օղակներու որոնումի աշխատանքի լծուիք: Մայրը սովորաբար կը գործէ աւելի շատ ֆիզիքական կամ զգացական պահանջներու գոհացումին համար: Իսկ հայրերը երեխաներուն թելադրանքներ կ՛ընեն աւելի շատ իրենց սեփական ուժերուն վստահելով՝ իրենց պարտականութիւնները կատարելու, ու այսպիսով՝ կը կոփուի անոնց հոգին ու կը զօրանայ իրենց էութիւնը: Այսպիսով, անմիջական եթէ որեւէ խնամքի կարիք կայ, ապա մօր ներդրումն է հարկաւոր: Միւս կողմէ՝ վտանգներ դիմագրաւելու վարժութիւնը եւ տոկունութիւնը, ինքնավստահութիւնը եւ ինքնաբաւ դառնալու անհրաժեշտ ուսուցումները հօր տիպարին հետ կարելի է կապել: Ամէն վայրկեան «մի՛ ըներ», «զգո՛յշ եղիր» կամ «ուշադի՛ր» արտայայտութիւնները կրնան երեխան առաջնորդել իքնավստահութեան պակասի: Մայրական պարտականութիւններու ցուցակին վրայ եղածները եւ հայրական զօրաւոր ու խիզախ կեցուածքներու շարքը, զիրար ամբողջացնելով՝ ի յայտ կը բերեն զօրաւոր անձեր ու երիտասարդներ: