ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ուրբաթ, Փետրուար 17ին, Թուրքիոյ ուժանիւթի նախարար Զաֆեր Չաղլայան Թիֆլիսի մէջ լրագրողներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին խօսելով Ատրպէյճանի մասին՝ յայտարարած է. «Մենք մէկ ժողովուրդ ենք երկու պետութեան մէջ։ Այնքան ատեն, որ Ատրպէյճանի ղարաբաղեան հարցը չէ լուծուած, Ատրպէյճանի տարածքին հայկական բռնագրաւումը չէ դադրեցուած, Թուրքիան Հայաստանի հետ երկկողմանի յարաբերութիւնները պիտի չկարգաւորէ։ Մեր ուրախութիւնն ու վիշտը ընդհանուր է։ Ոեւէ մէկը Ատրպէյճանի հետ մեր բարեկամութիւնը, եղբայրութեան հիմքերը խախտելու համարձակութիւնը պիտի չունենայ. Թուրքիան այդ դիրքորոշումէն մէկ միլիմեթր իսկ պիտի չնահանջէ», աւելցուցած է ան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.