ՊԱՔՈՒ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի մօտ Ֆրանսայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպանը չէ մասնակցած ատրպեճանական կողմին կազմակերպած հերթական հակահայկական միջոցառման, որ նուիրուած էր այսպէս կոչուած՝ «Քարատաղլըի դէպքերու 20րդ տարելիցին»:
Ըստ ատրպեճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատուական գործակալութեան, Ատրպէյճանի փոխվարչապետ, գաղթականներու եւ բռնի տեղահանուածներու պետական յանձնախումբի նախագահ Ալի Հասանով Ուրբաթ, Փետրուար 16ին ըսած է. «Մենք այս միջոցառման հրաւիրած էինք նաեւ Ատրպէյճանի մօտ Ֆրանսայի դեսպանը: Բայց ան չեկաւ եւ ոչ ալ իր ներկայացուցիչը ղրկեց», աւելցնելով, թէ ինք վիրաւորուած կը զգայ այս արարքէն եւ յիշեցնելով, որ միւս բոլոր հրաւիրեալները կա՛մ անձամբ ներկայացած են, կա՛մ ուղարկած են իրենց ներկայացուցիչները: