ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Փետրուարեան ապստամբութեան նշումը անշուշտ միայն պատմական իրադարձութեան օրուան պայմաններուն գնահատական տալը չէ. Փետրուարեան ապստամբութիւնը պահի անհրաժեշտութիւն էր եւ բռնատիրական վարչակարգի կատարած խոստումները չգործադրելու իրականութեան դիմաց՝ յեղափոխական քայլեր որդեգրելու ժողովրդային ինքնաբուխ ապստամբութեան պատմակերտ արարք:
Փետրուարեան յեղափոխութիւնը եթէ չարձանագրուէր, հայ ժամանակակից պատմութեան մէջ պակսող հիմնական օղակ մը ընդմիշտ ինքզինք զգալի պիտի դարձնէր: Թէկուզ կարճատեւ, այսուհանդերձ, մեր յետագայ ընելիքներուն եւ ընդհանրապէս քաղաքական մտածողութեան զարգացման նոր հունաւորման համար Փետրուարեան ապստամբութիւնը պատմական անհրաժեշտութիւն մըն էր, որուն պէտք է նայիլ ժամանակի հեռաւորութենէն, ամէն անգամ, երբ ժողովրդային կամքին դէմ բռնանալու դրսեւորումներ կը կատարուին. ամէն անգամ, երբ ազգային հաւաքական իղձերը կ՛անտեսուին եւ ամէն անգամ, երբ ազգային իրաւունքները կ՛ոտնակոխուին:
Այս առումով ալ Փետրուարեան ապստամբութիւնը շատ հանգիստ կը տեղաւորուի հայոց պատմութիւնը յատկանշած ազատատենչութեան գործողութիւններու ընդհանուր շարքին մէջ եւ իբրեւ այդպիսին՝ հայութեան հաւաքական ազգային նկարագրին հարազատ դրսեւորումներէն մէկը կը նկատուի:
Արցախեան գոյամարտը խորհուրդ մը կը ներառէ անպայման Փետրուարեան ապստամբութեան ոգիէն: Հայաստանի վերանկախացումը, հայոց պետականութեան վերականգնումը եւ Լեռնային Ղարաբաղի հայապատկանելիութիւնը ամրագրող հայոց երկրորդ պետականութեան ստեղծումը իրենց հերթին անպայման խորհուրդ կը պարփակեն՝ բխած Փետրուարեան ապստամբութենէն:
Ապստամբական ոգիով յետագային ձեւաւորուած շարժումները բռնութիւններուն ընդդիմանալու, կեանքի գնով ազատութեան ձգտելու անտեղիտալի կամքին արդիւնքն են, ամրագրուած՝ մեր ժամանակակից պատմութեան եւ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան թղթածրարին մաս կազմող Փետրուարեան ապստամբութեան եւ զանգեզուրեան հերոսամարտի խորհուրդներուն, թելադրականութեան եւ ուսանելի դասերուն վրայ:
Ապստամբութիւն եւ յեղափոխութիւն յղացքները, սակայն, փոփոխուող աշխարհին մէջ այսօր ստացած են տարբեր բովանդակութիւն: Տարբեր շարժառիթներ ուզած են այդ կարգախօսերու շղարշին տակ իրականացնել ա՛յլ նպատակներ: Ազդեցութեան գօտիի տարածման, իշխանափոխութեան, քաղաքական մրցակցութեամբ յատկանշուող նոր սահմաններու գծման նպատակներ են անոնք, որոնք պարզապէս կ՛օգտագործեն, կը շահարկեն պարարտ ենթահողերու վրայ երեւցող ժողովուրդներու ապստամբելու հակամէտութիւններն ու տրամադրուածութիւնը:
Գունաւոր յեղափոխութիւններ ըլլան անոնք, ծառերու կա՛մ ծաղիկներու անունով կոչուին թէ այլ տարազներ ստանան, յաճախ հրահրուած, քիչ պարագային ինքնաբուխ, այսուհանդերձ, հազիւ ճամբայ ելած գերտէրութեան մը հովանիին տակ յայտնուած շարժումներ են անոնք, որոնք կը շեղին իրենց մեկնարկէն, յայտարարուած նպատակներէն եւ կը ծառայեն այլոց հաշուարկներուն:
Այդ ապստամբութիւնները կրնան սկսիլ ազգային մեկնակէտով, կրնան ծաւալիլ ընկերային տնտեսական տարողութիւններով եւ կրնան աւարտիլ զուտ իշխանափոխութեամբ: Մինչ՝ պայմանները կը վերադառնան նոյն դաժանութեամբ, կենսամակարդակները կը մնան նոյնը, կը փոխուին դէմքերը պարզապէս, կը մնայ համակարգը. կը տապալի բռնակալը, կու գայ յաջորդը. կը տապալի յաջորդը, կու գայ զինք փոխարինողը, ինչպէս պիտի բացատրէր Լեւոն Շանթի Նաղաշը:
Գերտէրութիւններու մրցակցային դաշտը յագեցած է նման երեւոյթներով՝ ասիական երկիրներէն մինչեւ Ափրիկէ, արաբական երկիրներէն մինչեւ կովկասեան տարածաշրջան՝ նշելու համար ամէնէն հիմնականները: Անոնք կը յաջողին գտնել այն ենթահողը, որուն վրայ կ՛երեւին ժողովրդային դժգոհութիւնները. կը յաջողին գտնել հրահրիչ գործօնները՝ տեղ-տեղ ընկերային տնտեսական իրավիճակը լուսարձակի տակ առնելով, այլ տեղեր ժողովրդավարացման անհրաժեշտութիւնը շեփորելով: Հիմնական այս ուղղութիւնները շարժիչ գործօններ են յեղափոխութիւն յառաջացնելու, համաժողովրդային ապստամբութեան դիմելու, երբեմն իշխանափոխութեան յանգելու, շատ յաճախ ալ՝ իշխանութիւնները պատանդի վիճակի մէջ ձգելու, զանոնք կախեալ պահելու եւ կամակատարացնելու: Այս ենթահողի ձեւաւորման համար լիովին կը նպաստեն երկարատեւ, իշխանաւորները, իրենց իշխանական վերարտադրութիւնը բազմաթիւ ձեւերով ապահովող հարստապետական համակարգերը:
Այս գործընթացը համաշխարհային երեւոյթ է եւ քաղաքական տրամաբանութեան մէջ ընդունուած ու օրինաչափ վարքագիծ:
Յեղափոխութիւններ կա՛մ ապստամբութիւններ հրահրելու այս վարքագիծերը չեն յաջողիր, եթէ ապստամբութեան դիմող ժողովուրդը գիտակից՝ արտաքին կեդրոններէն թելադրուած քաղաքականութեան հետապնդած նպատակներուն, գերադասէ սեփական ուժին վստահիլը, մերժէ ներքաշուիլ այլ պետութիւններու ղեկավարած խաղերուն եւ մանաւանդ կարենայ սահմանազատել հակաիշխանական իր պայքարը ազգային եւ պետական շահեր հարուածելու մօտեցումներէն:
Նման թոհուբոհէ զուրկ չէ նաեւ մեր տարածաշրջանը՝ Հարաւային Կովկասը: Հարեւան պետութեան մէջ պատահածները՝ վրացիներուն անցած ուղին, Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ մրցապայքարի արդիւնքը, ամերիկեան շահագրգռուածութիւնը, Վրաստանի տարածքային ամբողջականութեան նկատառելի խախտումները արդիւնք էին յանուն ժողովրդավարացման մղուած պայքարին:
Գունաւոր յեղափոխութեան ուրուականը սպառնաց նաեւ մեր հայրենիքին, ուր, հեռու Փետրուարեան ապստամբութեան ոգիէն եւ անոր հետապնդած նպատակներէն կա՛մ ներկայացուցած խորհուրդէն, միայն ու միայն իշխանատենչութեան շարժառիթներէն թելադրուած առաջին նախագահի գլխաւորած ընդդիմադրութիւնը փորձեց իրագործել գունաւոր յեղափոխութեան հայաստանեան տարբերակը: Նետուած կարգախօսերը, օգտագործուած բառապաշարը, որդեգրուած միջոցառումները կը յիշեցնէին Ուքրանիոյ կամ Վրաստանի յեղափոխութիւններու ընթացքին արձանագրուած երեւոյթները:
Վերջին նախագահական ընտրութիւններու նախօրեակին էր, երբ Դաշնակցութեան Հայաստանի կազմակերպութիւնը բազմիցս զգուշացուց թէ՛ իշխանութիւնները եւ թէ՛ ընդդիմութիւնը, ընտրական պայքարը քաղաքակիրթ սահմաններու մէջ պահելու անհրաժեշտութիւնը շեշտելով, ընտրական հանրահաւաքներուն չսեւցնելու մրցակիցը. անուանարկումներով եւ որակաւորումներով չարտայայտուելու, չլարելու կացութիւնն ու չշիկացնելու մթնոլորտը:
Իշխանապահպանման եւ իշխանափոխութեան անտեղիտալի կիրքերը, սակայն, երկկողմանիօրէն անտեսեցին ընտրական մրցապայքարը քաղաքակիրթ եւ ժողովրդավար սահմաններու մէջ պահելու Դաշնակցութեան կոչերը: Այս բոլորը յանգեցան Մարտ 1ի տխրահռչակ դէպքերուն, զորս հասարակութիւնը պառակտեց եւ պատճառ դարձան քաղաքացիներու կեանքերուն:
Նման ապստամբութիւններ կամ յեղափոխութիւններ անշուշտ կապ չունին Փետրուարեան ապստամբութեան ոգիին եւ ներկայացուցած խորհուրդին հետ: Փետրուարեան ապստամբութիւնը բռնատիրութեան վերադարձի մերժումն էր. ազատ ու անկախ հանրապետութեան կերտումէն ետք յանուն ժողովուրդի անվտանգութեան եւ հասարակական անդորրութեան իշխանութիւնը կամովին զիջած կողմն էր, որ բռնատիրական վարչակարգի դէմ ժողովրդային կամքի դրսեւորումին ընդառաջ կը շարժէր: Մինչդեռ այստեղ ժողովրդավար կարգերէ հեռու՝ առաջին վարչակարգը հաստատած, ազգային պարտուողականութեան իբրեւ արդիւնքը իշխանութենէն հեռացած եւ վերստին իշխանութիւն ձեռք ձգելու համար ապստամբութեան կոչ ընող շարժումին մասին է խօսքը:
Շարժում, որ այսօր ալ խորհրդարանական եւ նախագահական ընտրութիւններու նախօրեակին, ընկերային տնտեսական իրավիճակը փոխելու յաւակնութեամբ կը ներկայանայ հասարակութեան: Փետրուարեան ապստամբութեան ոգին ու խորհուրդը ներկայ պայմաններուն մէջ ազատատենչութեան դրսեւորման համար այլ ուղի կ՛առաջարկէ:
Այս այն ուղին է, զոր Փետրուարի 18ի օրը Դաշնակցութեան Հայաստանի կազմակերպութիւնը ցոյց տուաւ Հայաստանի քաղաքական դաշտը բաղկացնող քաղաքական բոլոր ուժերուն եւ հասարակութեան: Ժողովուրդի գիտակցական մակարդակի բարձրացման ուղին է: Ժողովրդավարացման ընտրական համակարգի արմատական փոփոխութեան, իշխանութիւններու վերարտադրանքի մեքանիզմներու չէզոքացման եւ քաղաքացիական առողջ հասարակարգի ձեւաւորման ճանապարհն է, որ Հայաստանի Դաշնակցութեան պատասխանատուները իբրեւ անշրջանցելի ուղի ցոյց տուին բոլորին:
Ա՛յն զգուշաւորութեամբ սակայն, որ իշխանական համակարգի փոփոխութիւնը պիտի ըլլայ օրէնքի ճամբով բացառապէս, առանց ցնցումներու, առանց մեր երկրին ու պետականութեան հեղինակութիւնը հարուածելու եւ առանց մանաւանդ հասարակութիւնը պառակտելու: Առանց սեւ ու ճերմակի վերածելու ամբողջ երկիրը:
Ամէնէն դժուարը փաստօրէն այս ուղին է, որովհետեւ եթէ մէկ կողմէ խորհրդարանական ընտրութիւններէն առաջ իսկ համաձայնական յուշագիրներու ստորագրութիւնը կը միտի ամրագրել իշխանութեան ուժերու վերարտադրանքը եւ ատով իսկ իմաստազրկել բոլոր տեսակի ընտրութիւնները, միւս կողմէ՝ ինքզինք արմատական ընդդիմութիւն կոչող եւ իրմէ դուրս որեւէ ընդդիմադիր շարժում կեղծ ընդդիմութիւն նկատողները, որեւէ գաղափարական իմաստ չապահովելով, ընտրապայքարին՝ ամէն գնով կը ձգտին իշխանափոխութեան՝ ի գին ցնցումներու, ի գին յաչս միջազգային ընտանիքին սեփական պետութիւնը հեղինակազրկելու, ի գին նոր արկածախնդրութիւններու եւ նոր զոհերու:
Եթէ մէկ կողմէ իշխանութեան դաշտին մէջ համահարթեցումի գործընթացներ կը ծաւալին, միւս կողմէ՝ ընդդիմութիւնը մենաշնորհելու բացայայտ ծրագիր կ՛իրականանայ: Երկկողմանի այս ընթացքը որեւէ առաւել չի բերեր պետականութեան կայացման եւ հզօրացման առաջադրանքներուն: Ընդհակառակը, պետականութեան եւ հասարակութեան միջեւ կը խորացնէ անջրպետը եւ կը հարուածէ քաղաքացիական առողջ հասարակարգի ստեղծման աշխատանքները: Չմոռնա՛նք. պետականութեան մէջ կը ներառուին թէ՛ իշխանութիւնները եւ թէ՛ ընդդիմութիւնը: Իսկ իրաւական պետութիւն ունենալու համար մէկ կողմէ կ՛ակնկալուի իշխանութիւններուն օրէնքին գերադասումը, իրաւական դաշտի անկախացումը քաղաքական ոլորտէն, միւս կողմէ՝ ընդդիմութիւնը պարտի իր գործողութիւնները կազմակերպել միայն օրէնքի ճշդած սահմաններուն մէջ: Երկու մակարդակներուն վրայ եղած խախտումները կործանարար կ՛ըլլա՛ն երկրին, պետութեան եւ հասարակութեան համար ընդհանրապէս:
Առողջ հասարակութիւնը, ամուր պետութիւնն ու հզօր բանակը կրնան Փետրուարեան ապստամբութեան ոգիով դէմ դնել մեր հայրենիքին սպառնացող բոլո՛ր թշնամիներուն: Եւ թող ո՛չ ոք ինքն իրեն իրաւունք վերապահէ ապստամբութեան եւ յեղափոխութեան դաս տալու Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, որ պատմութեան բոլոր օրհասական պահերուն, գերադասելով հայութեան շահերը՝ ապստամբած է բոլոր տեսակի սուլթաններուն ու ցարերուն դէմ՝ նուիրաբերելով իր լաւագոյն հերոսները: Այդ ապստամբութիւններն ու յեղափոխութիւնները եղած են հայութեան թշնամիներուն դէմ, Հայաստանի գոյութեան սպառնացողներուն դէմ, հայութեան կալուածները գրաւողներուն դէմ, Ցեղասպանութիւն իրականացնողներուն թէ համայնավար բռնատիրութեան դէմ:
Ներքին թշնամիներ որոնելու եւ այդ ճամբով զուտ իշխանութիւն հետապնդելու վարքագիծերը պէտք է մերժե՛լ արմատապէս եւ կառչած մնալ Փետրուարեան ապստամբութեան ոգիին եւ խորհուրդին՝ պաշտպանելու եւ փրկելու համար հայրենիքը. ամրակայելու եւ հզօրացնելու Հայաստանի Հանրապետութիւնը, որպէսզի նոր ապստամբութիւններու ճամբով կարենանք վերակերտել ամբողջական Հայաստանը: