
ՊՐԻՒՔՍԷԼ, «Արմէնփրէս».- Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ալեն Ժիւփէ Եւրոխորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին մէջ Ուրբաթ, Փետրուար 16ին ունեցած ելոյթին ընթացքին, Եւրոմիութեան համար Թուրքիան բնութագրած է իբրեւ «մարտահրաւէր»: Նշելէ ետք որ Թուրքիան Եւրոմիութեան անդամ դարձնելու հարցով Ֆրանսայի դիրքորոշումը չէ փոխուած՝ Ժիւփէ ըսած է, որ Եւրոպական Միութեան երկիրներուն մէջ ծագած տնտեսական ճգնաժամը ցոյց տուած է, թէ Եւրոմիութիւնը չի կրնար դիմանալ Թուրքիոյ պէս մեծ երկիրի մը անդամակցութեան, որովհետեւ այդ երկիրը ծանր բեռ մը պիտի ըլլայ Եւրոմիութեան համար:
Ան յիշեցուցած է, թէ Ֆրանսա կը փափաքի, որ Թուրքիան Եւրոմիութեան լիիրաւ անդամ դառնալու փոխարէն գործընկերութեան յատուկ համաձայնագիր ստորագրէ Պրիւքսէլի հետ: