
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար Արմէն Մովսիսեան Փետրուար 16ին լրագրողներու հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, թէ հայկական հիւլէական կայանի նոր բաժինի կառուցման աշխատանքները կը յառաջդիմեն: Անոր համաձայն, «Ռոսատոմ» ընկերութեան ղեկավար Սերգէյ Գիրիէնգօ վերջերս Հայաստան կատարած իր այցելութեան ընթացքին վերահաստատած է առկայ մօտեցումները, որոնց համաձայն, ռուսական կողմը պատրաստ է իրականացնելու ներդրումներուն 50 տոկոսը:
«Նրանք առաջարկում են՝ միւս 50 տոկոսի ներդրումը կատարի Հայաստանի կառավարութիւնը՝ զերծ մնալով այլ ընկերութիւններին այդ գործընթացում ներգրաւելուց: Այսինքն պետական պարտք ձեւաւորենք եւ այն ներդնենք նոր էներկապլոքի կառուցման համար: Այդ մօտեցումն առաջին հայեացքից ընդունելի է, բայց մենք նախընտրում ենք հետեւեալ տարբերակը. եթէ լինեն նաեւ այլ ընկերութիւններ, որոնք կը համաձայնեն աւելի լաւ պայմաններով ներդրումներ կատարել, կը համաձայնենք իրենց ներգրաւել այս ծրագրի մէջ», ըսաւ նախարարը:
Անոր համաձայն, եթէ այլընտրանքներ չըլլան, պիտի ընտրեն այդ առաջարկը՝ նոր կառուցուող բաժինին մէջ ունենալով 51 տոկոսի բաժնեմաս:
Նախարարը վստահեցուց, որ նոր բաժինի կառուցումը պիտի իրականանայ ըստ նախատեսուած ժամանակացոյցին ու պիտի սկսի օգտագործուիլ 2019-2020ին: