
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Վարդանանց տօնին առիթով 16 Փետրուարին Երեւանի Ս. Զօրաւոր եկեղեցիէն ընթացք առաւ քայլարշաւ մը՝ կազմակերպութեամբ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան երիտասարդականին. մասնակիցներու կարգին էր նաեւ Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան:
Երթին մասնակից հոգեւորականները, երիտասարդները, հասարակական եւ ուսանողական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները քալած են դէպի Խանջեան փողոցը, ուր Վարդան Մամիկոնեանի արձանին յարակից տարածքին մէջ տեղի ունեցած է օրուան խորհուրդը ներկայացնող մշակութային ձեռնարկ: