ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Երիցական իրաւունքը զլացանք՝ այս սիւնակի խորագիրի աւանդական ձեւը պահելու պարտադրանքով: Այլապէս, խօսքը մեր ընկեր Ցոլակի մասին է, Յովսէփաեան, որ դեռ շատ հեռու է լրացնելու հարիւր տարեկանը (երկու օր առաջ միայն իննսուն չորրորդ տարեդարձը նշեցինք «Ասպարէզ»ի մէջ):
Կենացներու պահուն, ան յիշեց զինք «Ասպարէզ»-«Հորիզոն» կամաւոր գործի մղող Վիգէն Յովսէփեանը (ոչ իր զաւակը, որ նոյն անունը կը կրէ) եւ իր կարգապահ կամաւորութեան մասին թերահաւատութիւն ցոյց տուած այն ժամանակուան խմբագիր Ժան Գոսագեանը:
Ահա՛, «Ասպարզէ»-«Հորիզոն» անձնակազմը կը վկայէ, որ աւելի քան քսան տարի շարունակ, ընկեր Ցոլակ Յովսէփեանը զինուորական կարգապահութեամբ, ամէն օր մտած է այս հաստատութեան դռներէն ներս եւ իր աջակցութիւնը առաջարկած օրուան պատասխանատուներուն:
Մենք օգտուած ենք իր խորհուրդներէն, օգտուած ենք իր ազգային գանձի արժէք ունեցող լուսանկարներու արխիւէն, ուր ներկայութիւն են վերջին վաթսունամեակի հայկական հորիզոնին վրայ երեւցած (Հայաստանէն թէ Սփիւռքէն) յայտնի բազմաթիւ հասարակական գործիչներ, մտաւորականներ, գրողներ…: Ժամանակն է, որ հանրութիւնը եւս առիթ ունենայ տեսնելու այս նկարներու հաւաքածոյին գոնէ մէկ մասը: «Ասպարէզ» կը խոստանայ իր կարելին ընել, որ այս տարին չաւարտած՝ Ցոլակի լուսանկարներու ցուցահանդէս մը կազմակերպէ:
Վերջին երկու ամիսներու ընթացքին, ընկեր Ցոլակ ձեռնարկեց նոր աշխատանքի մը: Ան սկսաւ հեռաձայնով բաժանորդագրութիւն ապահովելու «Ասպարէզ»ին: Արդիւնքը՝ երկու ամսուան ընթացքին հարիւր նոր բաժանորդներ: Մենք ոգեւորուեցանք, ի՛նքն ալ ոգեւորուեցաւ, այնքա՛ն, որ արդէն ձեռնարկած է երկրորդ հարիւրը ապահովելու գործին: Շնորհակալ ենք Ցոլակին եւ բոլոր անոնց, որոնք չմերժեցին զինք:
ՍԻՐԵԼԻ ԸՆԿԵՐ ՑՈԼԱՔ
ԿԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՄ ԾՆՈՒՆԴԻՏ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ
ՄԱՂԹԵԼՈՎ ՔԵԶ ԲՆՈՒԹԵԱՆԼԱՒԱԳՈՅՆ ԲԱՐԻԳՆԵՐԸ ԱՅՍ
ՀԻԱՆԱԼԻ ՏԱՐԻԳԻԴ ԱՌԹԻՒ ԱՍՏՈՒԱԾ ՔԵԶ ՆՄԱՆԵՐՈՒՆ
ՊԱԿԱՍ ՉԻ ՁԳԷ ՄԵՐ ԳԼԽԷՆ ՊԱՐԳԵՒԵԼՈՎ ՔԵԶ ԱՌՈՂՉՈՒԹԻՒՆ
ԵՒ ԱՐԵՒՇԱՏՈՒԹԻՒՆ․ ՎԱՐՁՔԵՐՆԻՏ ԿԱՏԱՐ ԿԱՏԱՐԵԱԼԱՊԷՍ։