ԵՐԵՒԱՆ, «Մեդիամաքս».- Հայաստանի մէջ ուռուցքաբանութեան ազգային կեդրոնի մանկական ուռուցքաբանութեան բաժանմունքի ղեկավար Գրիգոր Բադալեան Փետրուար 16ին կայացած հանդիպման մը ընթացքին յայտնեց, թէ «Նուիրիր կեանք» հիմնադրամի ջանքերով եւ Հայաստանի նախագահի հովանաւորութեամբ պիտի բացուի մանկական ուռուցքաբանութեան կեդրոն, որ օժտուած պիտի ըլլայ նորագոյն սարքերով:
Ըստ Բադալեանի, մէկ տարուան ընթացքին Հայաստանի մէջ արձանագրուած է մանկական քաղցկեղի 100 պարագայ:
Բադալեանը տեղեկացուց նաեւ, որ երեխաներուն մօտ առաւել յաճախ կը յայտնաբերուին արեան, աւշային հանգոյցներու եւ գլխու–ուղեղի քաղցկեղի դէպքեր, սակայն հիւանդութեան պատճառները յայտնի չեն:
Բադալեան նշեց, որ մանկական ուռուցքաբանութիւնը ծախսալից է, արդարեւ՝ արտասահմանի մէջ կատարելագործուած բժշկութեամբ՝ անոր բուժումը կ՛արժէ 100-150 հազար եուրօ: