
ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Հինգշաբթի, Փետրուար 16ին, Ատրպէյճանի խորհրդարանի փոխնախագահ Պահար Մուրատովա յայտարարեց, թէ «Խոջալուի ցեղասպանութեան» ճանաչումը միջազգայնացնելու նպատակով յաւելեալ ջանք պիտի տարուի խորհրդարանին կողմէ:
Ան աւելցուց, թէ յատուկ աշխատանք պիտի տարուի ճանաչումը ապահովելու համար՝ աշխարհի տարբեր երկիրներու խորհրդարաններուն կողմէ՝ դրական համարելով այս նպատակով տարուած աշխատանքին ցարդ արձանագրած արդիւնքը:
Ան աւելցուց, թէ ատրպէյճանցի երեսփոխաններ պիտի փորձեն հարցը դնել ԵԱՀԿի Խորհրդարանական վեհաժողովի օրակարգին վրայ: