
ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Հինգշաբթի, Փետրուար 16ին, Թուրքիոյ մօտ Ատրպէյճանի դեսպան Ֆայիղ Պաքիրով հանդիպում մը ունեցաւ Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Ճեմիլ Չիչեքի հետ. ընթացքին դեսպանը շնորհակալութիւն յայտնած է Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահին, որովհետեւ ան նեցուկ կանգնած է Փետրուար 28ին կայանալիք եւ «Խոջալուի ցեղասպանութեան» 20ամեակին նուիրուած դեսպանատան կազմակերպած ցուցահանդէսին:
Իր կարգին Չիչեք յայտարարած է, թէ Խոջալուի իրադարձութեան մասին տեղեկութեանց տարածումը կարեւոր կը նկատէ եւ աւելցուցած է, թէ թուրք եւ ատրպէյճանցի երեսփոխաններ օտար երեսփոխաններու հետ իրենց հանդիպումներուն ընթացքին միշտ լուսարձակի տակ պէտք է պահեն Լեռնային Ղարաբաղի եւ բռնագրաւեալ հիւսիսային Կիպրոսի հարցերը: Ան նաեւ կրկնած է, թէ Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող ֆրանսական օրինագիծը՝ «մարդկային իրաւանց ոտնակոխում» մըն է:
Դեսպանը նաեւ յայտնած է, թէ Մեքսիքայի եւ Փաքիստաի իշխանութիւնները արդէն իսկ ճանչցած են «Խոջալուի ցեղասպանութիւնը»ը եւ աշխատանք կը տարուի ճանաչման արշաւը ընդարձակելու, որուն համար կարեւոր նկատած է Թուրքիոյ խորհրդարանին կողմէ «Խոջալուի ցեղասպանութեան» ճանաչումը:
Չիչեք խոստացած է քննել այս առաջարկը, հակառակ այն իրողութեան, որ նման առաջարկներ վերջերս խորհրդարանի յանձնախումբերու օրակարգերէն դուրս ձգուած են՝ զայրացնելու համար Ատրպէյճանը: