ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան քննչական ծառայութեան հասարակութեան հետ կապերու աւագ քսանապետ Մերի Սարգսեանի համաձայն, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ վերջերս մահացած զինուորի դատով քսանապետ Արթուր Զաքարեանին ամբաստանութիւն ուղղուած է՝ իբրեւ պաշտօնատար իր լիազօրութիւնը եւ դիրքը չարաշահելու յանցանքով:
Նշենք, որ ղարաբաղեան-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանին վրայ տեղակայուած դիրքերէն մէկուն մէջ Փետրուար 2ին մահացած էր զինուորական Կարլեն Բաղդասարեան:
Քսանապետ Արթուր Զաքարեան բանտարկուած է: