
ԵՐԵՒԱՆ, «Հետք».– Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան՝ ՀՀ Ազգային Ժողովի պատգամաւորներ Լիլիթ Գալստեանի եւ Անահիտ Բախշեանի խնդրանքով, ընդունած է Մաշտոցի պողոտայ-Եզնիկ Կողբացի հատուածին վրայ գտնուող պուրակին յարակից ոչ կանաչ գօտիին վրայ տեղադրուող ժամանակաւոր շինութիւններու դէմ բողոքող հասարակական նախաձեռնութեան ներկայացուցիչները: Հանդիպման մասնակցած է նաեւ բնապահպան Կարինէ Դանիէլեան:
Նախքան քննարկումը, Երեւանի քաղաքապետը նախ ողջունած է նախաձեռնութեան անդամներու աշխուժութիւնը՝ ընդգծելով, որ մայրաքաղաքի կանաչ տարածքներու պահպանման եւ ընդլայնման հարցով առաջին հերթին շահագրգռուած է քաղաքային իշխանութիւնը: «Իմ դիրքորոշումն այս հարցում յստակ է եւ այդ մասին ես բազմիցս եմ յայտարարել. կանաչ տարածքների հաշուին որեւէ կառուցապատում չի լինելու: Աւելի՛ն. Երեւանի քաղաքապետարանն այսօր ունի բնապահպանական ուղղուածութեան մի շարք ծրագրեր, որոնց նպատակը ոչ միայն կանաչ գօտիների պահպանումն է, այլեւ դրանց ընդլայնումը», նշած է Տարօն Մարգարեան:
Անդրադառնալով վերոնշեալ տարածքի քաղաքաշինական դասաւորումներուն՝ քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան ընդգծած է, որ ի տարբերութիւն Աբովեան փողոցի արդէն իսկ վերացուած շինութիւններուն, որոնք ունէին սեփականութեան իրաւունք, տուեալ սեփականատէրերուն հետ բանակցութիւններուն իբրեւ արդիւնք՝ նոր տարածքին վրայ ժամանակաւոր կառոյցները տրամադրուած են վարձակալութեան իրաւունքով: Ըստ նշեալ իրաւունքին, տարածքները վարձողները պարտաւոր են բարեկարգել, խնամել եւ պատշաճ վիճակի մէջ պահել յարակից տարածքները:
ԱԺ պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեան իր հերթին նշած է, որ Աւան վարչական շրջանին մէջ Տարօն Մարգարեանի սկզբունքային ու հետեւողական կառավարման դրական կեցուածքները յոյս կը ներշնչեն այն մասին, որ դրական փոփոխութիւններ պիտի ըլլան նաեւ ամբողջ մայրաքաղաքին մէջ: «Ես կողմնակից եմ հանրային համախոհութեանը, եւ հաշուի առնելով հասարակութեան շրջանում մեր քաղաքապետի ունեցած բարձր վարկանիշը, կարծում եմ, որ այս հարցը նոյնպէս համակողմանի քննարկման արդիւնքում դրական լուծում կը ստանայ», նշած է Լիլիթ Գալստեան:
Այս ծիրին մէջ քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան նշած է, որ նոր ձեւաւորուող քաղաքաշինական խորհուրդը, որուն մէջ ներկայացուած պիտի ըլլան նաեւ հասարակական եւ երիտասարդական կազմակերպութիւններ, իր հերթին պիտի նպաստէ հանրային հետաքրքրութիւն ներկայացնող քաղաքաշինական բոլոր նախագիծերու համակողմանի քննարկման ու որոշումներու կայացման:
Քաղաքապետը նաեւ նշած է, որ իբրեւ խորհուրդի բնապահպանական յանձնաժողովի նախագահ պիտի առաջարկէ բնապահպան Կարինէ Դանիէլեանի թեկնածութիւնը:
Տարօն Մարգարեան աւելցուցած է, որ քաղաքային իշխանութիւնները վճռական են ոչ միայն կանաչ տարածքներու պահպանման ու ընդլայնման, այլ նաեւ հինի եւ նորի համադրումով Երեւանի քաղաքակիրթ արտաքին տեսքի ապահովման հարցով: Այս ծիրին մէջ կը դիտարկուի նաեւ քննարկուող տարածքը, որ, ըստ էութեան, «Հին Երեւան» ծրագիրի բաղկացուցիչ մասն է: Նկատի ունենալով այս հանգամանքը՝ Լիլիթ Գալստեան առաջարկած է կազմակերպել հանդիպում եւ շահագրգռուած կողմերուն հանգամանօրէն ներկայացնել «Հին Երեւան» ծրագիրը: Քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան Երեւանի գլխաւոր ճարտարապետ Նարեկ Սարգսեանին յանձնարարած է յառաջիկայ օրերուն կազմակերպել նման հանդիպում՝ ապահովելով շահագրգռուած բոլոր կողմերուն մասնակցութիւնը: