ԵՐԵՒԱՆ, «Մեդիամաքս».- ՖԻԴԷի նախագահ Գիրսան Իլիւմժինով ընդառաջած է միջազգային գրոսմայսթըր Լեւոն Արոնեանի խնդրանքին եւ յայտարարած, որ աշխարհի ախոյեանի կոչման յաւակնորդներուն մրցաշարքը Ատրպէյճանի փոխարէն պիտի կայանայ Լոնտոնի մէջ:
Յիշեցնենք, որ Լեւոն Արոնեան նախորդ շաբաթ նամակ յղած էր ՖԻԴԷի նախագահին եւ նախագահող խորհուրդին, ուր կը բացառէր իր մասնակցութիւնը մրցաշարքին, եթէ անիկա կայանայ Պաքուի մէջ: Ճատրակի վարպետը նամակին մէջ ընդգծած էր, որ պատրաստ է մասնակցելու մրցաշարքին որեւէ այլ երկրի մէջ՝ բացի Ատրպէյճանէն:
ՖԻԴԷի նախագահը յայտարարած է, որ մրցաշարքը պիտի կայանայ այս տարուան Հոկտեմբեր 23-Նոյեմբեր 13:
Մրցաշարի կազմակերպիչը ամերիկեան գործարար Էնտրիւ Փոլսոնի «Ակոն» ընկերութիւնն է, որ համապատասխան պայմանագիրը կնքած է ՖԻԴԷի հետ: