ՊՐԻՒՔՍԷԼ.- Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան հարցերով պետական նախարար, Եւրոպական Միութեան մօտ աւագ բանագնաց Էկեմեն Պաղըշ, «Եուրօնիուզ»ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ եթէ պէտք ըլլայ՝ դարձեալ պիտի կրկնէ Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացման մասին Զուիցերիոյ մէջ արտասանած իր խօսքերը։
Նախարարը նշած է, որ Եւրոմիութեան կարեւորագոյն սկզբունքներէն մէկը արտայայտուելու ազատութիւնն է։ Ըստ անոր՝ այն իրողութիւնը, որ կառոյցի անդամ որոշ երկիրներ խօսքի ազատութիւնը սահմանափակող օրէնքներ կ՛որդեգրեն, «տրամաբանութեան բացակայութեան» վկայութիւն մըն է, եւ այդ մէկը կը հակասէ եւրոպական սահմանադրութեան ու Եւրոպական Միութեան օրէնսդրութեան: Ան աւելցուցած է, թէ քիչ հաւանական կը նկատէ, որ Եւրոպական Միութեան անդամ բոլոր երկիրներուն մէջ այդ քայլը տարածում գտնէ։
«Ցիւրիխի մէջ արդէն ըսած եմ, այստեղ ալ կ՛ըսեմ եւ պիտի յայտարարեմ նաեւ այլ վայրերու մէջ, որ մեր ունեցած տեղեկութիւններով՝ ըստ մեր արխիւներուն՝ 1915ի իրադարձութիւնները ցեղասպանութիւն կոչելուն մէջ տրամաբանութիւն չկայ։ Կոչով կը դիմենք Հայաստանին եւ երրորդ երկիրներուն՝ բանալու իրենց արխիւները։ Եկէ՛ք ստեղծենք անկախ յանձնախումբ, որուն պիտի մասնակցին հայ, ռուս, թուրք, եւրոպացի ու ամերիկացի պատմաբաններ, որպէսզի կարենանք վերլուծել, թէ 1915 թուականին ի՞նչ տեղի ունեցած է, որմէ ետք միայն կրնանք գնահատել իրավիճակը։ Սակայն ասիկա դատավճիռ է՝ առանց հետաքննութեան ու դատի», ըսած է ան։