ԹԻՖԼԻՍ, «ՓանԱրմինիըն».- Վրաստանի ոստիկանութիւնը վնասազերծած է Իսրայէլի դեսպան Իցխակ Հերպըրկի անձնական վարորդի ինքնաշարժին տակ ամրացուած նռնակը։
Դեսպանի վարորդը՝ Ռոման Խաչատուրեան, նկատած է ինքնաշարժին տակ ամրացուած սեւ ծրարը: Ան իսկոյն հեռաձայնած է ոստիկանութեան, որ իր հերթին կանչած է սակրաւորները: Ծրարին մէջ գտնուած է նռնակ, որ վնասազերծուած է: Այժմ յատուկ ծառայութիւնները ինքնաշարժը տեղափոխած են յատուկ կայան, ուր զայն պիտի ուսումնասիրեն քրէագէտները: