ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Անցեալ Կիրակի Հայաստանի 39 համայնքներու մէջ տեղի ունեցան տեղական ընտրութիւններ, որոնց թէ՛ մասնակցող թեկնածուներու եւ թէ յաղթողներու կուսակցական պատկանելութիւնը բաւական խօսուն կերպով կը ներկայացնէ հայրենիքի մէջ ընտրական գործընթացին հանդէպ ընդհանրապէս բոլոր կուսակցութիւններուն իւրայատուկ մօտեցումները:
Արդարեւ, 39 շրջաններէն 17ին մէջ քուէարկութեան ներկայացած է մէկ թեկնածու՝ չունենալով մրցակից: Այդ 17էն 14ը Հանրապետական իշխող կուսակցութենէն են, երկուքը՝ իշխող կուսակցութեան դաշնակից «Բարգաւաճ Հայաստան»էն, մէկը՝ անկուսակցական:
Ամէնէն թէժ եւ ուշագրաւ պայքարը, անշուշտ, Հրազդանի քաղաքապետի ընտրութեան համար տարուեցաւ. հոն որեւէ անակնկալ չարձանագրուեցաւ ու իշխանութեան թեկնածուն՝ նախկին քաղաքապետը, յաղթեց նախկին քաղաքական բանտարկեալ, ընդդիմադիր Սասուն Միքայէլեանին:
Քուէարկութեանց ընթացքին չարաշահութեանց ու կեղծիքներու մասին թէեւ բողոքներ կը լսուին տարբեր տեղերէ, սակայն տեղական մարմիններու ընտրութիւններուն հանդէպ Հայաստանի քաղաքական ուժերուն մօտ հետաքրքրութեան պակասը ցցուն կերպով նկատառելի է:
Ինչո՞ւ այս կրաւորականութիւնը՝ տեղական ընտրութիւններուն վերաբեալ: Հաւանաբար այն պատճառով, որ քաղաքական կուսակցութիւններուն մեծ մասը չունի նիւթական անհրաժեշտ միջոցները՝ համակարգուած ձեւով կազմակերպելու տեղական ինքնավարման մարմիններու ընտրութիւնները, ամէն տեղ հասնելու, թեկնածուներ ճշդելու եւ անոնց ընտրապայքարը յառաջ տանելու:
Անշուշտ, եթէ ընդդիմադիր կուսակցութիւնները, առնուազն՝ ապակեդրոնացեալ կառոյցներով օժտուածները, ունենային տեղական ինքնուրոյն մարմիններ, ապա անոնք արդէն կը ստեղծէին իրենց տեղական գրասենեակները եւ գէշ-աղէկ կը ներկայանային ընտրութիւններուն իրենց սեփական թեկնածուներով: Կարելի է եզրակացնել, ուրեմն, որ կուսակցութեանց շրջանային օղակները տակաւին չեն կայացած:
Կրաւորականութեան կը մղէ անշուշտ այն հոգեբանութիւնը, թէ գիւղական շրջաններու մէջ առաւել շեշտուած կերպով կ՛աշխատի գիւղացիներուն՝ իշխանութեան մօտ մարդիկ ընտրելու մտայնութիւնը՝ հարցեր լուծելու իրենց հնարաւորութիւնները չկորսնցնելու հաշուարկներով:
Ինչ ալ ըլլայ այդ կրաւորականութեան պատճառը, տեղական ընտրութիւններուն հանդէպ նման անտարբերութիւն կարելի չէ արդարացնել: Ընդհակառակը, կարելի է նոյնիսկ ընտրական գործընթացները բեկումնային բարելաւման ենթարկելու ճիգերը այստեղ կեդրոնացնել՝ որդեգրելով բոլորովին տարբեր ռազմավարութիւն, կեղծիքներու դէմ արդիւնաւէտ պայքարի դաշտը փոխադրելով տեղական ընտրամասեր ու շրջաններու քուէարկութեանց վերահսկման միջոցները կատարելագործելով: