
ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Երկուշաբթի, Փետրուար 13ին պատասխանած է Թեհրանի կողմէ Իրանի մօտ Ատրպէյճանի դեսպանին յանձնուած այն բողոքագիրին, ուր Իրան Պաքուն մեղադրած էր իրանցի հիւլէական ուժանիւթի գիտնականներու սպանութեան մեղսակից ըլլալու յանցանքով:
«Հաշուի առնելով, որ իրանցի գիտնականներու սպանութեան մեղսակից ահաբեկչական տարրերը տեղաշարժուած են Ատրպէյճանի հանրապետութեան տարածքով, եւ իսրայէլեան «Մոսատ» գաղտնի սպասարկութեան աջակցութեամբ Թել Աւիւ մեկնելու լայն հնարաւորութիւններ ունեցած են, ատրպէյճանցի դեսպանին խիստ բողոք ներկայացուած է այդ առնչութեամբ», ըսուած էր Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ։
Վերոնշեալ բողոքագիրին պատասխանելով՝ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Էլման Ապտուլաեւ ըսած է, թէ այդ մեղադրանքները զրպարտանք են եւ իրականութեան չեն համապատասխաներ։
«Ատրպէյճան իր տարածքին մէջ որեւէ ահաբեկչական գործունէութիւն եւ դուրսէն միջամտութիւն չարտօնէր», ըսած է Ապուլաեւ, աւելցնելով, որ «Ատրպէյճանի դեսպանը արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչելն ու անոր բողոքագիր յանձնելը՝ իրանեան կողմի պատասխանն է այն բողոքագիրին, զոր Ատրպէյճան Իրանին յղած էր՝ իրանեան յատուկ ծառայութիւններու հետ կապ ունեցող անձերու մասնակցութեամբ մեր երկիրի տարածքին մէջ ահաբեկչութեան փորձ կատարելու առնչութեամբ»։
Իրան նաեւ պահանջած է դադրեցնել Ատրպէյճանի մէջ իսրայէլական գաղտնի սպասարկութեան ազատ գործունէութիւնը, որ սովորաբար հակաիրանական բնոյթ ունի:
Յատկանշական է նաեւ, որ անցնող շաբաթավերջին անգլիական «Թայմզ» թերթը գրած էր, թէ Պաքու սկսած է այլ երկիրներու լրտեսներու հանդիպման վայրի մը վերածուելու՝ Պաքուն նմանցնելով Համաշխարհային Ա. պատերազմի օրերուն լրտեսութեան կեդրոնի վերածուած Օսլոյին եւ Համաշխարհային Բ. պատերազմի օրերուն՝ Քազապլանքային:
Թերթը նշած էր, որ տարբեր երկիրներու եւ յատկապէս Իսրայէլի լրտեսները Ատրպէյճանի մէջ կ՛աշխատին՝ յատկապէս Իրանի դէմ ռազմական հաւանական գործողութեան մը հետախուզական հիմը պատրաստելու համար:
Թերթը գրած է նաեւ, թէ օգտուելով Ատրպէյճանի եւ Իրանի միջեւ ստեղծուած լարուածութենէն՝ Իսրայէլ սկսած է Պաքուի մօտ գտնուող գործարանի մը մէջ իր անօդաչու լրտեսական օդանաւերու մասերուն մէկ երրորդը արտադրել: