ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

Ուրախութեամբ իմացանք, թէ ՀՄԸՄի Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղի մարզիկներէն Նարպէ Աբրահամեան, մարզական իր բացառիկ կարողութիւններուն շնորհիւ ընդգրկուած է իր յաճախած Սեն Տիէկոյի Նահանգային համալսարանի պասքեթպոլի խումբին մէջ:
Այս լուրը մեծ ոգեւորութիւն ստեղծեց ՀՄԸՄի շարքերէն ներս եւ հպարտութեամբ լեցուց մեր սրտերը: Ահա իրողութիւն մը, որ կը հաստատէ, թէ ՀՄԸՄի ջանքերը ի զուր չեն անցնիր, եւ հակառակ ոչ արհեստավարժ իր խումբերու մարզումներուն, ահա Նարպէյի նման մարզիկներ ՀՄԸՄի անունն ու պատիւը բարձր կը պահեն ծովածաւալ այս երկրին մէջ, ուր յատկապէս պասքեթպոլը անհամեմատելի մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէ:
Այս ուրախալի լուրը Նարպէի հետ բաժնեկցիլը դժուար ըլլալով՝ կապ հաստատեցինք անոր հօր՝ ՀՄԸՄի «Արարատ» մասնաճիւղի վաստակաշատ անդամներէն Արմիկ Աբրահամեանի հետ, եւ որոշ տեղեկութիւններ ստացանք ընտրեալ մեր մարզիկին մասին:
Նարպէ Աբրահամեան ծնած է 23 Փետրուար 1991ին: Եօթը տարեկանին անդամակցած է ՀՄԸՄի Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղին՝ իբրեւ գայլիկ եւ մարզիկ: Աւելի ուշ, նախընտրելով մարզական կեանքը՝ կեդրոնացած է պասքեթպոլի մարզաճիւղին մէջ, միաժամանակ հետեւելով թեթեւ աթլեթի փորձերուն:
Տարիներու ընթացքին, աւելի եւ աւելի խորանալով պասքեթպոլի մարզէն ներս՝ Նարպէ 14 տարիներ շարունակ մասնակցած է ՀՄԸՄի մեծագոյն՝ Նաւասարդեան մարզախաղերուն, տիրանալով բազմաթիւ ոսկի մետալներու պասքեթպոլի եւ թեթեւ աթլեթի մարզաճիւղերուն մէջ: Յատկանշական է ընդգծել, թէ Աբրահամեան առանց ընդմիջումի ընդգրկուած է իր մասնաճիւղի Զ.էն մինչեւ Ա. դասակարգերու պասքեթպոլի խումբերուն մէջ եւ տիրական ներկայութիւն եղած է իր դասակարգի խումբերէն ներս տարուող մրցումներուն՝ յաղթանակի բազմաթիւ կէտեր ապահովելով իր խումբին:

ՀՄԸՄ «Արարատ» մասնաճիւղէն Մարթին Աւաննէսեանը ընդհանրապէս իբրեւ մարզիչ ունենալով՝ Նարպէյի պասքեթպոլի խումբը միշտ մրցած է իրմէ մէկ կամ երկու դասակարգ բարձր խումբերու դէմ եւ գնահատելի արդիւնքներ արձանագրած է:
2011 տարեշրջանին, ընդգրկուելով ՀՄԸՄի «Արարատ» մասնաճիւղի Ա.-1 խումբին մէջ, իր լաւ խաղարկութեամբ մեծ բաժին բերած է խումբին արձանագրած յաղթանակներուն մէջ, որուն ցայտուն օրինակը նոյն տարուան ՀՄԸՄի 36րդ Նաւասարդեան մարզախաղերու պասքեթպոլի ախոյեանութեան տիրանալն էր:
Նարպէ Աբրահամեան երկրորդականի իր ուսումը ստացած է «Քրեսենթա Հայ Սքուլ»էն, ուր եւս իր լաւ խաղարկութեան համար ընդգրկուած է վարժարանի պասքեթպոլի խումբին մէջ, եւ Քրեսենթա հովիտի աշակերտական մրցումներուն ընթացքին միշտ իր խումբին առաջին հնգեակին մաս կազմած է: «Քրեսենթա Հայ Սքուլ»ը աւարտելէ ետք, երկու տարիներ յաճախած է Կլենտէյլ քոլեճ, ուր եւս մաս կազմած է պասքեթպոլի ներկայացուցչական խումբին՝ դառնալով քոլեճի փնտռուած մարզիկը. ան երկրորդ տարուան ընթացքին մարզիչին կողմէ յայտարարուած է իբրեւ խումբի «Լաւագոյն մարզիկ»ը:
Աւելի՛ն, Աբրահամեան The Coaches of Western State-South Division Conference-ի կողմէ արժանացած է «All Conference Player» տիտղոսին, իսկ Մայիս 2011ին, մարզական մաքուր իր նկարագիրին ու բարոյական օրինակելի կեցուածքին համար, ան եղած է «Տարուան մարզիկ»ի՝ Կլենտէյլի քաղաքապետութեան թեկնածուն:
Օգոստոս 2011էն ի վեր փոխադրուած է Սեն Տիէկօ, ուր ուսումը կը շարունակէ տեղւոյն նահանգային համալսարանէն ներս՝ մասնագիտանալով շարժախօսութեան (Kinesiology) մէջ: Սեպտեմբեր 2011ին, մասնակցած է համալսարանի պասքեթպոլի խումբի զտումի փորձերուն, ուր ճկուն խաղարկութիւն ցուցաբերելով՝ մարզիչ Սթիւ Ֆիշըրի կողմէ ընդգրկուած է խումբին մէջ եւ անմիջապէս սկսած է մարզական իր փորձերուն, իսկ 2 Դեկտեմբեր 2011ին, ստանալով Ազգային քոլեճական մարզական հիմնարկութեան (National Collegiate Athletic Association-NCAA) հաստատումը՝ պաշտօնապէս անցած է խումբի ցանկին մէջ:
Պէտք է ընդգծել, թէ Սեն Տիէկոյի նահանգային համալսարանի պասքեթպոլի խումբը արեւմտեան ԱՄՆի լաւագոյն խումբը կը նկատուի, իսկ ներկայիս թիւ 12ը կը դասուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու առաջատար խումբերուն մէջ:
Կը շնորհաւորենք ՀՄԸՄական եղբայր Նապէյի մարզական այս յաջողութիւնները՝ մաղթելով անոր նորանոր բարձունքներու նուաճում իր անձնական եւ մարզական կեանքէն ներս: