
ԱԹԷՆՔ, «Ռոյթըրզ».- Ուրբաթ, Փետրուար 10ին, հազարաւոր ցուցարարներ բողոքի ցոյցեր կատարեցին Աթէնքի մէջ՝ դատապարտելով յաւելեալ կրճատումներ կատարելու կառավարութեան նորագոյն որոշումը: Ցոյցերուն ընթացքին բախումներ տեղի ունեցած են ոստիկանութեան եւ ցուցարարներու միջեւ:
Նոր համաձայնութեան հետեւանքով, նուազագոյն ամսականը 22 տոկոսով պիտի նուազի եւ կառավարութիւնը պետական պաշտօնեաներուն թիւը 20 տոկոսով պիտի կրճատէ:
Իր պարտքերուն մէկ մասը վճարելու համար անհրաժեշտ վարկերը ստանալու փոխարէն, կառավարութեան խոստացած այս կրճատումներուն ընդդիմացող չորս նախարարներ հրաժարած են կառավարութենէն: