
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Նախկին քաղաքական բանտարկեալ, Հայ Ազգային Կոնգրեսի (ՀԱԿ) նախկին անդամ Սուրէն Սիրունեանի Փետրուար 7ին կայացած ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, թէ ինք Եւրոպական դատարանէն յետս կոչած է իր դիմումը, որմով կը բողոքէ ՀԱԿի ներկայ դիրքորոշման: Ան նաեւ նշեց, որ այս մէկը ընելու համար իշխանութիւններուն կողմէ որեւէ ճնշումի չէ ենթարկուած, եւ ատիկա ամբողջովին կապուած է ՀԱԿի ներկայ դիրքորոշման:
Սիրունեան նաեւ ընդգծեց, որ շուրջ 15-17 նախկին քաղաքական բանտարկեալներ եւս մտադիր են յետս կոչել Եւրոպական դատարան ներկայացուցած իրենց դիմումները եւ դուրս գալ ՀԱԿի կազմէն: «Հայցը ներկայացուել է աւելի քան մէկ տարի առաջ եւ մինչ այսօր շատ բան է փոխուել ինչպէս երկրում, այնպէս էլ ՀԱԿի գործողութիւններում: Երբ Լեւոն Տէր Պետրոսեանն առաջադրում էր իր թեկնածութիւնն ընտրութիւններում, նա յայտարարեց, որ պատրաստ է ժողովրդի ձեռքում գործիք լինել, իսկ հիմա մենք ենք նրա ձեռքին յայտնուել գործիքի դերում եւ օգտագործուել նեղ անձնական շահերի համար», ըսաւ Սիրունեան։
Սիրունեան իր խօսքին մէջ նաեւ նշեց, թէ չի պատրաստուիր որեւէ կուսակցութեան անդամագրուելու կամ առաջադրուելու յառաջիկայ ընտրութիւններուն։ Ան իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ այլեւս պիտի չպաշտպանէ Լեւոն Տէր Պետրոսեանը: