ՊԱՔՈՒ.- Ատրպեճանական «Էյ. Փի.Էյ.» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ Միւնիխ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող ապահովական հարցերու նուիրուած միջազգային խորհրդաժողովին ծիրէն ներս, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ անցած շաբաթավերջին հանդիպում մը ունեցած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի հետ։
Հանդիպումին ընթացքին կողմերը գոհունակութիւն յայտնած են երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման բարձր մակարդակին կապակցութեամբ, ինչպէս նաեւ կարծիքներ փոխանակած են ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ։