
ՊՈԼԻՍ.– Թրքական «Էն. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, պոլսահայ մտաւորական Սեւան Նշանեան Թուրքիոյ մէջ դատապարտուած է հինգ ամսուան բանտարկութեան՝ Իզմիրի Շիրինճէ գաւառին մէջ ժայռափոր գերեզման կառուցելու մեղադրանքով: Ըստ աղբիւրին, ան Շիրինճէի մէջ կատարած է անօրինական շինարարութիւն, որուն պատճառով ալ Սելչուկի քրէական դատարանը զայն դատապարտած է հինգ ամսուան բանտարկութեան: Յիշեցնենք, որ լեզուաբան, լրագրող, գիրքերու հեղինակ Սեւան Նշանեան Թուրքիոյ մէջ կը զբաղի նաեւ հիւրանոցներու գործով: Անոր պատկանող հիւրանոցները իրենց իւրայատկութեան պատճառով, մեծապէս փնտռուած են այցելուներուն կողմէ։ Սեւան Նշանեան յայտնի է նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ ընդհանրապէս Հայկական հարցին մասին կատարած իր խիզախ յայտարարութիւններով: