
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ.- Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանը Շաբաթ, 4 Փետրուար թուակիր հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ Թորգոմ արք. Մանուկեան պատրիարքը Յունուար 19էն ի վեր կը գտնուի հիւանդանոց, ծանր թոքատապի եւ ուղեղային կաթուածի հետեւանքով: Ըստ հաղորդագրութեան՝ 93ամեայ պատրիարքը, որ նաեւ «Փարքինսընզ» հիւանդութեամբ կը տառապի, գրեթէ անգիտակից վիճակի մէջ է: Ներկայիս բժիշկները կը փորձեն անոր թոքերուն մէջ հաւաքուած հեղուկը պարպել:
Նկատի ունենալով պատրիարքին ծանր վիճակը՝ պատրիարքարանի Տնօրէն ժողովը Յունուար 30ին որոշած է պատրիարքական փոխանորդ նշանակել Նուրհան արք. Մանուկեանը, վարելու համար պատրիարքարանի առօրեայ գործերը:
Կը նշուի նաեւ, թէ Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան անդամները հերթով կ՛այցելեն եւ կը հսկեն պատրիարք հօր: