ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Երկիր Մեդիա».- Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսական, Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւի համահեղինակ, դեմոկրատ Էտըմ Շիֆ եւ Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի անդամ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւի ջատագով Հաուըրտ Պըրմըն Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում ունեցած են Վրաստանի նախագահին հետ՝ Միացեալ Նահանգներ տուած անոր պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են ոչ միայն Վրաստան– Միացեալ Նահանգներու երկկողմանի յարաբերութիւններուն, այլ նաեւ Ջաւախքին առնչուող հարցեր:
Էտըմ Շիֆ եւ Հաուըրտ Պըրմըն կոչ ուղղած են Վրաստանի նախագահին՝ Ջաւախքի խնդիրներու լուծման յաւելեալ ուշադրութիւն դարձնելու:
Սահակաշվիլի պատրաստակամութիւն յայտնած է համագործակցելու Շիֆի եւ Պըրմընի հետ՝ միեւնոյն ժամանակ ընդգծելով, որ համաձայն է շրջանին ամերիկեան օգնութեան տրամադրելու նախաձեռնութեան:
Յիշեցնենք, որ ՀՅԴ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախաձեռնած Վրաստանի կառավարութեան, ինչպէս նաեւ Ուաշինկթընի մէջ Վրաստանի դեսպանութեան հետ երկխօսութեան իբրեւ արդիւնք այս գծով արդէն կայացած են շարք մը հանդիպումներ: Երկխօսութեան առանցքը կը կազմեն Ջաւախքի տնտեսական զարգացումը, վրացական–հայկական յարաբերութիւններու ընդլայնումը, որ կը ներառէ վրացական եւ հայկական կողմերու ներդրումներու ծիրին ընդարձակում, ինչպէս նաեւ Ջաւախքի մէջ աշխատատեղիներու ստեղծման նպատակով ամերիկեան յաւելեալ աջակցութեան տրամադրում։
Յիշեցնենք, որ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամները հանդիպում ունեցած էին Ուաշինկթընի մէջ Վրաստանի դեսպան Թեմուրի Եակոբաշվիլիի հետ, իսկ նախորդ տարուան Սեպտեմբերին Վրաստան այցելած էր Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Քէն Խաչիկեանը, որ հանդիպումներ ունեցած էր Վրաստանի իշխանութիւններուն եւ վրացական համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ: