ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդը յայտարարութիւն մը տարածած է երկրի Սահմանադրական խորհուրդին հասած Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող օրինագիծի քննարկումին կապակցութեամբ՝ կոչ ընելով խորհուրդին, որ անաչառ մօտեցում ցուցաբերէ, իսկ ֆրանսահայերուն՝ որ կարելի եղածին չափ կեդրոնացնեն իրենց ուժերը:
«Ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի վաւերացումը համաշխարհային մակարդակի յաղթանակ պիտի ըլլայ Թուրքիոյ ժխտողականութեան քաղաքականութեան դէմ, որ այս ճակատումին մէջ իր վերջին ուժերը ներդրած է», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
Ֆրանսահայերը նաեւ կը նշեն, որ թրքական իշխանութիւնները ճնշում կը գործադրեն Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդի անդամներուն վրայ: «Արդեօ՞ք օրինագիծը հակասահմանադրական է: Մեր պատասխանը շատ յստակ է՝ ո՛չ: Մենք ոչ թէ կարեկցութիւն կը պահանջենք, այլ՝ արդարութիւն: Մենք կը պայքարինք ոչ թէ թրքական ծագումով Ֆրանսայի քաղաքացիներու, այլ՝ Թուրքիոյ պետական ժխտողականութեան դէմ», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդը վստահութիւն կը յայտնէ, թէ նախագահ Նիքոլա Սարքոզի վճռական է սկսած գործը աւարտին հասցնելու համար: Ֆրանսահայերը նաեւ վստահութիւն ունին Սահմանադրական խորհուրդի անդամներու դատողութեան վրայ, եւ իրենց գործի ճշմարտացիութիւնն ապացուցելու նպատակով, պատրաստ են նոյնիսկ Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական ատեան դիմելու:
Յայտնենք, թէ Ֆրանսայի աշխարհիկ հրեաներու կեդրոնը եւս յայտարարած է, թէ թրքական ազգայնականութիւնը դիմակայելու համար, հրեաները այս հարցին մէջ պէտք է աջակցին հայերուն: