ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան յայտնած է, որ ՀՅԴի նախընտրական յանձնախումբը պիտի ղեկավարէ Ազգային ժողովի պատգամաւոր, ՀՅԴ խմբակցութեան անդամ Միքայէլ Մանուկեանը։ Ան դիտել տուած է, որ ընտրական ցանկի կազմութեան հարցը տակաւին չէ քննարկուած եւ յստակ չէ, թէ որո՞նք պիտի գլխաւորեն զայն։
Յիշեցնենք, որ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան նախընտրական յանձնախումբը պիտի ղեկավարէ Յովիկ Աբրահամեանը, իսկ «Բարգաւաճ Հայաստան»ի յանձնախումբը՝ քաղաքաշինութեան նախարար Վարդան Վարդանեան։