ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Սեռական բռնութեան ճգնաժամային կեդրոնի խորհրդատու Սիրանոյշ Դաւթեան Յունուար 31ին յայտնեց, թէ ընտանիքներուն մէջ բռնութիւններու ենթարկուող երեք կիներէն մէկը նաեւ սեռային բռնութեան կ՛ենթարկուի։
Անոր համաձայն, 2010ին կեդրոնի «թէժ գիծ»ի հեռաձայններուն 15 տոկոսը, իսկ 2011ի հեռաձայններուն 12 տոկոսը վերաբերած են սեռային բռնութիւններուն:
Սիրանոյշ Դաւթեանի համաձայն, Հայաստանի մէջ կիներուն նկատմամբ բռնութիւնները այն նիւթերէն է, որոնց վրայ բանադրանք կայ, սակայն վերջին շրջանին աւելի յաճախ սկսած են ահազանգել ընտանեկան բռնութիւններու մասին, իսկ սեռային բռնութիւններու պարագային դարձեալ փորձ կը կատարուի արարքը գաղտնի պահելու: Այս կացութեան հիմնական պատճառը ամօթն է: «Հիմնականում զանգում են այն դէպքում, երբ պէտք է իրաւաբանական, հոգեբանական խորհրդատուութիւն, երբ ուզում են իմանալ՝ դիմե՞ն ոստիկանութիւն, ի՞նչ հետեւանքներ կը լինեն, կամ եթէ կասկածում են, որ կարող է սեռավարակներ ունենան», ըսաւ ան։
2011ին կեդրոնին մէջ արձանագրուած է նաեւ սեռային բռնութեան երեք դէպք անչափահաս աղջիկներու նկատմամբ:
Փորձագէտին համաձայն, կան տարբեր պատճառներ սեռային բռնութիւններուն, որոնց կարգին՝ պոռնկագրական ժապաւէներուն եւ նկարներու ազդեցութիւնը: Վերջին շրջանին համացանցային կապի մատչելի դառնալով, այդ ժապաւէններն ու նկարները եւս մատչելի դարձած են հասարակութեան։