ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Յաղթանակները ցնծութեամբ կը դիմաւորենք, պարտութիւններն ու նահանջները՝ տխրութեամբ, բայց երբե՛ք՝ յուսահատութեամբ:
Բազմաթիւ ծանօթներ, նոյնիսկ անծանօթներ, խմբագրատուն ռմբահարեցին իրենց հեռախօսազանգերով, արտայայտելու համար իրենց բարկութիւնը, տխրութիւնը՝ Ֆրանսայի Ծերակոյտի խումբ մը անդամներու նախաձեռնութեամբ Հայկական Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը այդ երկրի Սահմանադրական խորհուրդին հասցնելու առթիւ: Քանի մը օր տեւած ցնծութիւնը «հարամ»ուած էր, ու մարդիկ բառեր կը փնտռէին իրենց զայրոյթն ու յուսախաբութիւնը արտայայտելու:
Այս զգացական տատանումներու սաստկութեան համար, հաւանաբար պէտք է մեղադրուինք մենք՝ լուրը փոխանցողներս: Մենք պէտք է կարենայինք լուրը յայտնելու ժամանակ որոշ զգուշաւորութիւն մը հաղորդել ընթերցողներուն, թէ յառաջիկայ օրերուն կարելիութիւն կար անախորժ անակնկալի մը դէմ կանգնելու, եթէ վաթսուն կամ աւելի ֆրանսացի ծերակուտականներ ստորագրէին օրինագիծը Սահմանադրական խորհուրդ տանելու դիմումը:
Հաւանաբար մենք պէտք է նախատեսէինք, որ Ֆրանսայի Ծերակոյտի 348 անդամներուն մէջէն Թուրքիան, իր պետական հսկայական միջոցներով ու լծակներով, պիտի կարենար ապահովել նուազագոյն պահանջուած վաթսուն պատեհապաշտներու ստորագրութիւնը:
Նման նախատեսութիւն կամ զգուշացում պիտի խնայէր մեզմէ շատերուն՝ պարտութեան մը դառնութիւնը ապրելու ցաւը:
Նախ եւ առաջ, պէտք է յստակացնել, թէ Հայ Դատի իրականացման համար մեր մղած պատերազմին մէջ այս ճակատամարտն իսկ աւարտած պէտք չէ նկատենք: Ժամանակաւոր նահանջ մըն է, որ կրնայ սրբագրուիլ նոյնինքն Սահմանադրական խորհուրդին կողմէ, կամ օրինագիծը հաստատելու վճռականութեամբ հանդէս եկող նախագահ Սարքոզիի նոր նախաձեռնութեամբ:
Ուրեմն՝ շարունակե՛նք ցնծալ, առնուազն՝ չտխրիլ, այլ բարկանալ, Հայ Դատը ուժեղացնելու ուղղութեամբ մտմտալ եւ շօշափելի քայլ մը առնել: