ՊԱՔՈՒ, «Նիուզ.ազ».- Ատրպեճանական լրատու գործակալութիւնը, ռուսական թերթեր վկայակոչելով՝ կը հաղորդէ, որ Ատրպէյճան յառաջիկայ Մարտին պիտի ստանայ ռուսական ռազմական «Մի-35Մ» տեսակի ուղղաթիռներու նոր խմբաքանակ մը:
Ատրպէյճան անցեալ Դեկտեմբերին, «Մի-24» տեսակի արդիականացած տարբերակը նկատուող «Մի-35Մ» տեսակի չորս ուղղաթիռներ գնած էր Ռուսիայէն: Այս ուղղաթիռները կ՛օգտագործուին վիրաւոր զինուորները կռիւի դաշտէն հեռացնելու, զինուորներ կռիւի դաշտ հասցնելու եւ զինեալ գործողութիւններու համար օդային օժանդակութիւն տրամադրելու նպատակներով: