
ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- «Ֆիտէ»ի վարկանշային աղիւսակի երկրորդ դիրքին վրայ, Հայաստանի հզօրագոյն ճատրակaիստ Լեւոն Արոնեան ընդամէնը 12 քայլ ետք համաձայնեցաւ միաւորը կիսել ատրպէյճանցի Թեմուր Ռաճապովի հետ եւ վաստակած 9 միաւորով նուաճեց 2012 թուականի առաջին գերմրցաշարի ախոյեանական տիտղոսը։ Այս մասին կը հաղորդէ «Արմսփորթ» լրատուական կայքէջը:
Հոլանտայի Վէյկ Ան Զէէ քաղաքին մէջ ընթացող «Թաթա Սթիլ» ճատրակային փառատօնի առաջին մրցաշարին յաղթելուն համար, Լեւոն Արոնեան պարգեւատրուեցաւ 10 հազար եւրոյով:
Ան հրաշալի խաղարկութեամբ հանդէս եկաւ Վէյկ Ան Զէէի մէջ: Հայ գրոսմայսթըրը 13 խաղերէն 2ը պարտուեցաւ, 4 ոչ ոքի խաղաց եւ 7 յաղթանակ տարաւ:
Բացի ատկէ, Արոնեանի խաղերը երեք անգամ լաւագոյնը ճանչցուեցան:
Նշենք, որ Արոնեան 2007-2008 արդէն երկու անգամ նուաճած է ախոյեանի տիտղոսը, սակայն այսօր ան առաջին անգամ ըլլալով միանձնեայ յաղթող ճանչցուեցաւ. 2007ին Արոնեան մրցանակը կիսած էր Թեմուր Ռաճապովի եւ Վէսելին Թօփալովի հետ, իսկ 2008ին՝ Մագնուս Կարլսենի հետ: