
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան Յունուար 27ին ընդունած է տարածաշրջանային այցելութեամբ Հայաստան ժամանած Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի օգնականի տեղակալ Էրիք Ռուպինը: «Մեր համագործակցութիւնը ձեր նախորդ պաշտօնակցի հետ բաւականին արդիւնաւէտ էր, ունէինք անկեղծ եւ բարեկամական երկխօսութիւն: Համոզուած եմ, որ այդ բարի դրացիական յարաբերութիւնները կը շարունակուեն նաեւ յառաջիկայում», ըսած է Տիգրան Սարգսեան: Զրուցակիցները քննարկած են հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու զարգացման առնչուող հարցեր:
Ողջունելով կառավարութեան աշխատանքները՝ Հայաստանի տնտեսութեան արդիւնաւէտ կառավարման իմաստով, Ռուպին ըսած է, որ իր երկիրը պատրաստ է շարունակելու համագործակցութիւնը Հայաստանի հետ՝ «Հազարամեակի Մարտահրաւէր» ընկերակցութեան ծրագիրի երկրորդ հանգրուանի իրականացումով։ «Քանի որ այդ ծրագիրի առաջին փուլը Հայաստանի մէջ մեծ յաջողութեամբ իրականացած է, մենք պէտք է այնպէս ընենք, որ այդ աշխատանքները իրենց շարունակութիւնը ունենան», ըսած է Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի օգնականի տեղակալը:
Անդրադառնալով տարածաշրջանային խնդիրներուն՝ Ռուպին նշած է, որ Միացեալ Նահանգներ թէ՛ հրապարակաւ, թէ՛ կողմնակի զրոյցներու ճամբով պիտի շարունակէ յորդորել Թուրքիան՝ հայ-թրքական յարաբերութիւնները կարգաւորելու, սահմանները բանալու, Հայաստանի հետ փոխադրամիջոցային եւ երկաթուղային կապեր ստեղծելու առումով:
Հանդիպման ընթացքին կողմերը անդրադարձած են նաեւ տնտեսութեան, կրթութեան, տեղեկատուական ճարտարագիտութիւններու եւ այլ բնագաւառներու մէջ համագործակցութեան:
Նոյն օրը, նախարար Սէյրան Օհանեան Էրիք Ռուպինի հետ ունեցած է հանդիպում մը, որու ընթացքին շնորհակալութիւն յայտնած է հայ-ամերիկեան պաշտպանական համագործակցութեան զարգացման մէջ ցուցաբերուած աջակցութեան համար: Ռուպին, իր կարգին, ողջունած է Հայաստանի պաշտպանական բնագաւառին մէջ իրականացուող բարեփոխումներուն ընթացքը եւ տեղեկացուցած, որ ամերիկեան կողմը պիտի շարունակէ այս ուղղութեամբ իր աջակցութիւնը տրամադրել Հայաստանին։ Ան նշած է, որ իրենք բարձր կը գնահատեն միջազգային անվտանգութեան ապահովման գործին Հայաստանի ջանքերը, մասնաւորապէս՝ Աֆղանիստանի մէջ ՆԱԹՕի կողմէ իրականացուող Միջազգային անվտանգութեան աջակցութեան ուժերու կազմին մէջ հայկական զօրախումբին կողմէ իրականացուող առաքելութիւնը: