ԵՐԵՒԱՆ.– Հայաստանի կառավարութեան Յունուար 26ի նիստին որոշուեցաւ գարնան եւ աշնան ընթացքին Հայաստանի մէջ այլեւս չանցնիլ ամառնային եւ ձմեռնային ժամանակացոյցի:
Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Տիգրան Դաւթեանի ներկայացուցած նշեալ առաջարկը կը հիմնաւորուէր այն փաստով, որ Հայաստան իր աշխարհագրական դիրքով կը գտնուի GMT + 3 ժամային գօտիին վրայ, եւ ժամերը առաջ եւ ետ տալը կը խախտէ այդ գօտին:
Հաշուի առնելով, որ Ռուսիոյ եւ Վրաստանի մէջ եւս կայացած են համանման որոշումներ, կառավարութիւնը որոշեց հաստատել նախարարին առաջարկը: