ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան հայոց բանակի օրուան առիթով հրապարակած է շնորհաւորական խօսք, որուն մէջ անդրադարձած է Արցախեան ազատագրական պայքարին սփիւռքահայերու մասնակցութեան:
Իր խօսքին մէջ նախարար Յակոբեան ըսած է. «Կ՛ուզեմ իմ շնորհակալական խօսքս ուղղել Սփիւռքէն եկած եւ հայկական բանակին մէջ մարտնչած տղաներուն, որոնք կրցան ձգել իրենց տաքուկ անկիւնը, որոնք իրենց խաղաղ կեանքը փոխարինեցին խրամատներով, որոնք եկան, զէնք վերցուցին եւ Հայաստանի, Արցախի որդիներուն հետ միասին պաշտպանեցին մեր հայրենի հողը: Անոնց մէկ մասն ալ ինկաւ, հերոսացաւ Մայր Հայրենիքի, Մայր Հայաստանի համար. փա՛ռք ու պատի՛ւ անոնց»: