ԵՐԵՒԱՆ.– Փետրուարին «Արմէնիա-Մարիո»չ հիւրանոցը իր ճաշարաններուն մէջ մատուցուած իւրաքանչիւր ճաշէն եւ ընթրիքէն գոյացած գումարէն 500 դրամ պիտի յատկացնէ «ՍՕՍ գիւղերու երիտասարդութիւն» կազմակերպութեան։ Ծրագիրը, որ կը մտնէ «Մարիոթ ինթըրնեշընըլ»ի Եւրոպայի «Դուք կ՛ուտէք, մենք կու տանք» ծրագիրին մէջ, նպատակ ունի խթանել գործազրկութեան դէմ պայքարը:
«Հնարաւորութիւններու աշխարհ» նախաձեռնութեամբ՝ «Մարիո»չ միջազգային հիւրանոցային ցանցի Եւրոպա տարածաշրջանի հիւրանոցները կ՛օժանդակեն երիտասարդ տարիքի խոցելի խաւին՝ տրամադրելով կեանքի եւ մասնագիտական հմտութիւններ, որպէսզի կարենան իրենց կարողութիւնը լիովին օգտագործել:
Նշենք, որ 2010ին «Մարիո»չի համաշխարհային ցանցը կատարեց ընդհանուր 34.6 միլիոն ամերիկեան տոլարին համարժէք նուիրատուութիւն: