
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի մէջ բնակող հրեաները Յունուար 27ին Երեւանի մէջ գտնուող Հրեաներու ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիրին մօտ նշած են Ողջակիզումի զոհերու յիշատակի միջազգային օրը: Հայաստանի մէջ հրէական համայնքի ղեկավար Ռիմա Վարժապետեանի հետ նոյն օրը կայացած զրոյցին ընթացքին վերջինս նշեց, թէ յուշարձանի մօտ ծաղիկներ կը զետեղեն եւ մոմեր կը վառեն՝ յարգելով անմեղ զոհերու յիշատակը: Վարժապետեանի համաձայն, հրէական համայնքը հաւաքին ատեն յայտնած է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման համար Քնեսէթին դիմած է:
Նշենք, որ 1 Նոյեմբեր 2005ին տրուած որոշումին համաձայն, ՄԱԿի Գլխաւոր վեհաժողովը խորհրդային զօրքին կողմէ Աուշուիցի ազատագրման օրը՝ Յունուար 27ը, յայտարարած է Ողջակիզումի զոհերու յիշատակի միջազգային օր: Ամէն տարի, նշեալ օրը, հրէական բոլոր համայնքները կը համախմբուին եւ յատուկ կերպով կը յիշեն «խաղաղութեան սուրբի կոչում» ունեցող մարդիկը, որոնք ցեղասպանութեան ատեն կեանքեր փրկած են: