ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- «Ժողովուրդ» թերթը հրապարակած էր լուր մը, ուր կը նշուի, թէ նախագահ Սերժ Սարգսեանի եղբայրը՝ Լեւոն Սարգսեան, մասնակից եղած է Հայաստանի մէջ իր սնանկութիւնը յայտարարած սփիւռքահայ Էդմոնդ Խուդեանին այս վիճակին մէջ յայտնուելուն: Ըստ Հայաստանի փաստաբաններու պալատի փոխնախագահ Նիքոլա Պաղտասարեանի, այս գործառնութեան մասնակցած են նաեւ Վլատիսլաւ Մանկասարեանն ու Էտիկ Եսայեանը՝ խաբեբայութեամբ իւրացնելով ամերիկահայ գործարար Էդմոնդ Խուդեանի անշարժ գոյքին վրայ եղած ներդրումները:
«Ժողովուրդ»ը կը տեղեկացնէ, որ այս պատմութեան առնչութեամբ բաւական տհաճ խօսակցութիւն ծայր առած է Սերժ Սարգսեանի եւ անոր եղբօր միջեւ: Ս. Սարգսեան նեղսրտած է, որ իր զարգացած եղբայրը եւս նախընտրական շրջանին քրէական հարցի մը հետ առնչութիւն ունեցած է։ Ան եղբօրը խրատած է հեռու մնալ նման արարքներէ։