
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- 1991-1993ին «Երկիր» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիրի պաշտօնը վարած Աղուան Վարդանեանի համաձայն, բանաստեղծ, Արցախեան պատերազմի մասնակից Արմէն Դաւթեանի «Նախանձեցէք նրանց, ովքեր կրում են հայրենիքն իրենց կրծքի վրայ որպէս քրքուած փամփշտակալ, որպէս մեռած ընկերների եւ անմեռ դրօշների առաջ պատուի առնող ինքնաձիգ» խօսքերը կը բնութագրեն Արցախեան պատերազմի ոգին, հայ զինուորին կերպարը, այդ ժամանակուան մթնոլորտը:
Ա. Վարդանեանի համաձայն, Արցախեան պատերազմի շրջանը «ուրիշ աշխարհ էր»։ Ան նշած էր, որ այդ հանգրուանին թերթին նպատակը եղած էր ամէն օր լուր հաղորդել Արցախէն, պահել մարտական ոգին: «Շուշին, երբ լուսադէմին ազատագրուեց, «Երկիր»ը միակ թերթն էր, որ առաւօտեան այդ լուրը տարածեց», յայտնեց ան: «Երկիր» օրաթերթի, ինչպէս նաեւ «Հայ Զինուոր» թերթի այդ տարիներու թղթակից Վարդան Դեւրիկեանի, արձակագիր, բեմադրիչ Գրիգոր Բաբայեանի, Յակոբ Սողոմոնեանի հրապարակումները, Ա. Վարդանեանի համաձայն, մթնոլորտ կը ստեղծէին: Իսկ թերթը, որ լոյս կը տեսնէր ամէն օր 50-55 հազար տպաքանակով, շատ արագ կը սպառէր:
Վարդան Դեւրիկեան նշեց, որ Արցախեան պատերազմը այսօր մէկ կողմէ կը թուի անցեալ ըլլալ, իսկ միւս կողմէ ներկայ է. անիկա դեռ բաց վէրք է: Այսօր շատ իրողութիւններ պայմանաւորուած են այդ պատերազմով:
Ան կը յիշէ, որ այդ օրերուն արծարծած իր նիւթերուն մեծ մասը հապճեպ ու հրատապ էին, բայց անոնք անկեղծ էին. առաջին տպաւորութիւններն ու զգացողութիւններն էին: Այսօր յետադարձ հայեացք ձգելով անցեալի վրայ՝ ան ինքզինք մեղաւոր կը զգայ. կային բաներ, որոնց մասին պէտք չէր գրել, իսկ ուրիշներ, որոնք պէտք է արձանագրուէին։ Դժուար ուղիէ անցած է հայ ժողովուրդը, բայց իբրեւ արդիւնք ստեղծուեցաւ հայոց բանակը՝ Զինուած Ուժերը:
2004ին՝ Արցախեան պատերազմի զինադադարի 10ամեակին առիթով լոյս տեսած էր Վ. Դեւրիկեանի գիրքը՝ «Չսկսուած եւ չաւարտաւած պատերազմ»: Հեղինակը գիրքը այդպէս վերնագրած է, որովհետեւ ի տարբերութիւն այլ պատերազմներու, Արցախեան պատերազմը յստակ սկիզբ չունի եւ այսօր ալ դեռ չէ աւարտած:
Ա. Վարդանեանի համաձայն, այն ատեն կար գիտակցութիւնը, որ պէտք է շարունակել պայքարը, եւ թշնամութիւն չկար քաղաքական ուժերու ու անհատներու միջեւ: Ան պիտի փափաքէր, որ այսօր ալ հասարակութիւնը նոյն ոգեւորութեամբ վերաբերէր բանակին, սակայն հիմա այդպէս չէ. խնդիրներ կան ոչ միայն բանակին, այլեւ հասարակութեան մէջ: Ա. Վարդանեանի համաձայն, յաճախ ռազմական փորձագէտները կը փորձեն իրավիճակը արդարացնել՝ նշելով, որ բանակը հասարակութեան հայելին է: Սակայն ան համաձայն չէ ատոր, որովհետեւ բանակը այլ օրէնքներով կ՛ապրի:
Վ. Դեւրիկեան նշեց, որ յոբելեանական օրերը պէտք է ըլլան իմաստաւորման, արժեւորման օրեր: Հայ ժողովուրդը տարիներ շարունակ ստեղծած եւ կորսնցուցած է իր արժէքներու մէկ մասը, քանի որ բանակ չէ ունեցած: Եթէ բանակը կայ, երկիրը պաշտպանուած է, որովհետեւ զինուած ուժերը արժէքներ ստեղծելու երաշխիք են։ Իսկ քննադատութիւնը, ըստ բանախօսին, միայն պէտք է նպաստէ հասարակութեան մէջ առողջ մթնոլորտի ձեւաւորման: