
Ազգագրական եւ ժողովրդական երգն ու երաժշտութիւնը միշտ մօտիկ եղած են սփիւռքահայութեան սրտերուն: Երաժշտութիւնը երկկողմանի դեր ունեցած է սփիւռքահայութեան վրայ՝ անոր մօտ մասամբ մը հայրենիքի կարօտը յագեցնելով եւ սրտին մէջ կրկին անգամ կարօտ արթնցնելով:
Այս երկու խառն զգացումները ապրեցաւ հալէպահայութիւնը, երբ 20 Նոյեմբեր 2011ին, «Անի» ճաշասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդական եւ յեղափոխական երգերու մեկնաբան Ներսիկ Իսպիրեանի պարահանդէսը, կազմակերպութեամբ Սուրիոյ Երիտասարդական Միութեան (ՍԵՄ) «Փոթորիկ» մասնաճիւղին եւ Պատանեկան Միութեան «Ա. Մանուկեան» մասնաճիւղին: Պարահանդէսը անցաւ աննախընթաց ճոխ մթնոլորտի մը մէջ։ Ներսիկ իր եզակի ոճով եւ խանդավառ կատարողութեամբ ներկաները հրաւիրեց անմահացնելու ժողովրդական երգն ու երաժշտութիւնը:
Անոր յաջորդեց 20 Նոյեմբեր 2011ի երգահանդէսը՝ «Գ. Եսայեան» սրահէն ներս: Սրահ խուժեց ազգասէր հոծ բազմութիւն մը, որ եկած էր հանդիսատեսը դառնալու սիրուած երգիչի ելոյթին: Երեկոն սկսաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգներով, ապա հանրութիւնը մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեց Սուրիոյ զոհերուն յիշատակը: Արաբերէն եւ հայերէն լեզուներով բացման խօսքերէն ետք բեմ բարձրացաւ հալէպահայ սիրուած երգիչ Գօգօ Ասայեան՝ կատարելով արաբերէն ազգային երգեր: Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Ներսիկ Իսպիրեան։ Ժողովուրդին խանդավառութիւնը անսահման էր։ Ան ապրեցաւ իւրաքանչիւր երգի, բառի ու իմաստի հետ:
Օրուան անակնկալն էր Ներսիկի զաւկին՝ Արաբօ Իսպիրեանի, ելոյթը. ան իր հօրմէն ժառանգած գեղեցիկ ձայնն ու ոճը հրամցուց ներկաներուն, ժողովրդական եւ յեղափոխական փունջ մը երգերու ընդմէջէն:
Յիշատակի արժանի է ելոյթի աւարտին Ներսիկի եւ Արաբոյի ներկայացուցած «Եարխուշտա» պարը, որ բացառիկ խանդավառութիւն ստեղծեց հանդիսատեսին մօտ:
Բացառիկ ելոյթ մըն էր, որուն ընթացքին, Եռագոյնի ծածանումին եւ Դաշնակցութեան Զինանշանին ներքոյ՝ ժողովուրդին ազգասիրութիւնը իր գագաթնակէտին հասաւ: