ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».- Ընկերային եւ տնտեսական դժուար վիճակի մէջ գտնուող բազմաթիւ ընտանիքներ, որոնց կացութեան մասին «Երկիրն այսօր»ը ահազանգած է, օգնութիւն ստացած են բարերարներէ, որոնք փափաքած են իրենց անունը չյայտարարել։ Այս օժանդակութեան շնորհիւ ազատամարտիկ Գագիկ Խաչատրեանի ընտանիքը, որ 12 տարիէ երկաթէ տնակի մէջ կ՛ապրէր, արդէն բնակարան ստացած է։
Հագուստ, մթերք, կահոյք տրամադրելով եւ նիւթական յատկացումներ կատարելով՝ անանուն բարերարներ ձեռք երկարեցին չորս անչափահաս երեխայ ունեցող եւ ընտանեկան նպաստով ու կենսաթոշակով գոյատեւող Խուդինեաններու ընտանիքին:
Նոյն կերպով՝ անանուն բարերար մը ձեռք մեկնեց տիկին Լարիսային, որ 11 տարբեր ազգութեան իր 15 երեխաներուն հետ կը բնակէր կիսանկուղային տարածքի մը մէջ եւ զայն վերանորոգելու համար օգնութեան կարիք ունէր։ Անցնող տարուան ընթացքին բարերարներ շնորհակալական բազմաթիւ խօսքեր լսեցին, սակայն տօնական այս օրերուն առանց անուն յայտարարելու բարեսիրութիւն կատարողները առաւել եւս արժանի են շնորհակալութեան։