«ԱՍՊԱՐԷԶ»
Հիւսիսային Ամերիկայի եւ Գանատայի Կաթողիկէ հայոց առաջնորդ Միքայէլ եպս. Մուրատեան, համայնքային մեր կեանքին դրական ներդրում բերելու բոլոր տուեալներով ներկայացաւ քալիֆորնիահայ հասարակութեան:
Նորանշանակ առաջնորդի հանդիպումներուն մասին մամլոյ բոլոր արձագանգները խանդավառ էին: Կարելի էր թերահաւատութեամբ մօտենալ այդ արձագանգներուն՝ զանոնք դասելով քաղաքավարութեան սովորական դրսեւորում մը՝ կղերական ղեկավարի մը հանդէպ պատշաճ վերաբերում ցոյց տալու պարտաւորութենէն դրդուած:
ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի կեդրոնական կոմիտէին հետ առաջնորդին հանդիպումը եկաւ հաստատելու, որ թէ՛ շրջանիս կաթողիկէ համայնքը եւ թէ Հիւսիսային Ամերիկայի հայութիւնը, մտաւորական ու խոհուն մարդու յատկանիշներով օժտուած եւ կազմակերպական ու վարչական կարողութիւններու տէր ղեկավարով մը հարստացած է. ղեկավար մը, որ տեսիլք ունի, ղեկավար մը, որ պիտի չբաւականանայ իր ծուխի շրջանակներուն մէջ գործելով, ղեկավար մը, որ կը տագնապի մեր ազգային խնդիրներով, որ պատրաստ է համագործակցութեան մթնոլորտը բարելաւելով՝ հզօրացնելու ամէն տեսակի մարտահրաւէրներ դիմագրաւելու մեր ընդհանուր կարողականութիւնը:
Բարի գալուստ կը մաղթենք Միքայէլ եպս. Մուրատեանին եւ յաջողութիւն՝ առաջնորդական իր առաքելութեան:
Comments 1