ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի վարչապետի օգնական Եղիշէ Կիրակոսեան Դեկտեմբեր 28ին յայտնեց, թէ Հայաստանի քաղաքական կուսակցութիւնները պէ՛տք է աւելի հստակացնեն իրենց ֆինանսաւորման աղբիւրները: Անոր խօսքով, կաշառակերութեան դէմ պայքարի պետութիւններուն յատուկ խումբը (GRECO) Հայաստանին առաջարկած է յատուկ ուշադրութիւն դարձնել քաղաքական կուսակցութիւններու ֆինանսաւորման հարցին՝ կաշառակերութեան վտանգի նուազեցման նպատակով:
Թէեւ ընտրական օրէնսգիրքով կուսակցութիւնները պարտաւոր են հրապարակել իրենց ֆինանսաւորման աղբիւրները, Ե. Կիրակոսեան ըսաւ, որ կան զանազան անյստակութիւններ այդ ուղղութեամբ: Պատրաստուած է օրէնսդրական փոփոխութիւններու փաթեթ մը, որ յառաջիկային պիտի քննարկուի խորհրդարանին կողմէ: