ԵՐԵՒԱՆ.- Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան պատգամաւոր Նաիրա Զոհրաբեանի հետ կայացած զրոյցին ընթացքին վերջինս հաստատած է իրենց կուսակցութեան համաձայնութիւնը՝ համամասնական ընտրակարգով ընտրութիւններ իրականացնելու հարցին շուրջ:
«Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան ծրագրում ֆիքսուած (հաստատուած) է 100 տոկոսանոց համամասնական ընտրակարգին աստիճանական անցումը: Ընդամէնը վերջերս կրկին լրամշակուած Ընտրական օրէնսգիրքը, գիտէք, որ կոալիցիոն քաղաքական ուժերի միջեւ կոնսեսուսի արդիւնք էր, եւ այս փուլում լրամշակմանը մասնակից քաղաքական ուժերը գտան նպատակայարմար պահպանել գործող համամասնութիւնը», ըսած է Նաիրա Զոհրաբեան, ըստ որուն Հայաստան պէտք է ունենայ քաղաքական եւ քաղաքակիրթ խորհրդարան:
«Նկատի ունեմ խորհրդարան, որտեղ կը լինեն քաղաքական մտածողութիւն եւ քաղաքական մոտիվացիաներ ունեցող ուժեր, գործիչներ, եւ որտեղ մեծ կը լինի քաղաքական կուսակցութիւնների դերը», ընդգծած է, որ քարոզարշաւէն մինչեւ խորհրդարանական գործունէութիւն՝ բոլոր բանավէճերը, քննարկումները եւ տեսակէտներու արտայայտումը պէտք է ընթանան բացառապէս օրակարգային ու քաղաքական թեմաներու շուրջ եւ չկրեն անձնական բնոյթ, որուն համար խորհրդարանը պէտք է ըլլայ բացառապէս քաղաքական մարմին, ուր հիմնական դերակատարները պէտք է ըլլան քաղաքական ուժերը:
«Եւ այս առումով, մենք ուշադրութեամբ յետեւում ենք վերջին շրջանում մամուլում տարբեր քաղաքագէտների, քաղաքական ուժերի ծաւալած քննարկումներին, որոնք վերաբերում են մեծամասնական ընտրատեղերի էական նուազեցմանն ու համամասնականի մեծացմանը: Բնականաբար, տեղեակ ենք նաեւ այսօր քաղաքական մի քանի ուժի հրապարակած տեսակէտին, եւ ԲՀԿն պատրաստ է ամենայն լրջութեամբ եւ խորութեամբ քննարկել այդ հարցը», պարզաբանած է ան:
«Ժառանգութեան» եւ ՀՅԴի նախաձեռնութիւնը ողջունած է նաեւ «Շրջադարձ» կուսակցութիւնը, որ իր տարածած յայտարարութեան մէջ նշելով այդ մասին՝ միաժամանակ դիմած է կոչով մը, ուր մասնաւորապէս կ՛ըսուի.
1. Նշուած հիմքով ձեւաւորել քաղաքական ուժերու խումբ, որ միասնաբար, քաղաքական մեթոտներու կիրառարումով պիտի պարտադրէ իշխանութիւններուն համապատասխան լուծումներու դիմելու:
2. Միեւնոյն ժամանակ, նշուած խումբը՝ քաղաքական ֆորումը, ունենալով քաղաքական քնարկումներու բաց համակարգ եւ չսահմանափակուած օրակարգ՝ կրնայ լաւ հիմք հանդիսանալ նախընտրական նոր միաւոր ձեւաւորելու համար, որուն հանրային պահանջարկը օրէօր կ՛աճի: