ԵՐԵՒԱՆ, «Այսօր».- Դեկտեմբեր 28ին, տեղական ժամանակով 11:52ին, Հայաստան-Թուրքիա սահմանային գօտիի Արտաշատ քաղաքէն 6 քլմ. դէպի հարաւ տեղի ունեցած է երկրաշարժ մը, որուն կեդրոնը կը գտնուի 5 քլմ. խորութեան վրայ եւ հզօրութիւնը կազմած է 4 բալ։
ՀՀ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան տեղեկութիւններով, երկրաշարժը զգացուած է մասնաւորապէս Երեւանի եւ Մասիսի մէջ՝ 3 բալ, իսկ Արտաշատի, Արարատի եւ Վեդիի մէջ՝ 3-4 բալ ուժգնութեամբ: