
ՊԷՅՐՈՒԹ.- Անցեալ Ուրբաթ օր, լիբանանեան «Օ. Թի. Վի.» եւ Հայաստանի «Երկիր Մետիա» պատկերասփիւռի կայաններուն հետ իր ունեցած հարցազրոյցի ընթացքին, Արամ Ա. կաթողիկոս խստիւ քննադաԱտեց Թուրքիոյ ժխտողական ոգին ու սպառնական կեցուածքը թէ՛ Միջին Արեւելքը յուզող հարցերուն եւ թէ Հայոց Ցեղասպանութեան գծով վերջերս Միացեալ Նահանգներու ու Ֆրանսայի կողմէ առնուած դրական քայլերուն նկատմամբ:
Նախ անդրադառնալով Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն՝ վեհափառը յիշեցուց, թէ Թուրքիան փոխանակ արաբ դրացի երկիրի մը սպառնական ոճով թելադրելու, թէ՝ «ազգի մը պատմութիւնը արիւնի ու ջարդի վրայ չի կերտուիր», ան պէտք է նայի իր պատմութեան, որ եղած է արիւնի, հալածանքի, կեղեքումի ու ջարդի պատմութիւն»:
Վեհափառը Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեայ համայնքներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն գծով հարցումի մը պատասխանելով, յիշեց վերջերս Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մէկ յայտարարութիւնը, որուն համաձայն՝ Թուրքիան կը պատրաստուի միջազգային համագումար մը կազմակերպելու ի նպաստ Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան: «Ցաւալի, ծիծաղելի ու վտանգալից նախաձեռնութիւն մըն է այս՝ պետութեան մը կողմէ, որ կը շարունակէ բռնաբարել իր սահմաններուն մէջ ապրող ու համաքաղաքացի փոքրամասնութիւններու իրաւունքները: Պետութիւն մը, որ տակաւին բռնագրաւուած կը պահէ փոքրամասնութիւններու շարժուն եւ անշարժ կալուածները, ներառեալ՝ ցեղասպանութեան զոհ հայ ժողովուրդին պատկանող բազմաթիւ ազգապատկան, եկեղեցապատկան կամ անհատական շարժուն ու անշարժ կալուածներ», ըսաւ վեհափառը՝ յիշեցնելով, որ «թուրքիան նման քարոզչական քայլերու կը դիմէ այսօր՝ ցոյց տալու համար քրիստոնեայ Արեւմուտքին, թէ ինք նախանձախնդիր ու պաշտպան է քրիստոնեայ համայնքներուն»: Հետեւաբար, վեհափառը թելադրեց. «Զգոյշ ըլլալ նման նախաձեռնութեան մը դիմաց: Բնականաբար, Կ. Պոլսոյ հայոց պատրիարքութիւնը, հասկնալի պատճառներով պէտք է մասնակցի նման համագումարի մը: Սակայն, բացարձակօրէն ճիշդ չենք տեսնէր, որ Թուրքիայէն դուրս հայ մը, հոգեւորական կամ աշխարհական, իր մասնակցութիւնը բերէ նման ձեռնարկներուն»: Այս առիթով, վեհափառը նաեւ յիշեցուց, որ Յունուար 26-28 Անթիլիասի մայրավանքին մէջ քրիստոնեայ-իսլամ համագումար մը տեղի պիտի ունենայ՝ կազմակերպութեամբ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին ու Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին: Համագումարին նպատակը պիտի ըլլայ ընդհանուր քննարկումի ենթարկել քրիստոնեայ համայնքներուն ներկայ վիճակը Միջին Արեւելքի մէջ եւ քրիստոնեայ-իսլամ գործակցութիւնը աւելի ծաւալելու կարելիութիւնները:
Իր հարցազրոյցի վերջին բաժինին մէջ, վեհափառը անդրադարձաւ վերջերս Ֆրանսայի խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի որդեգրման: Ան ջերմօրէն ողջունեց այս քաջ քայլը Ֆրանսայի խորհրդարանին կողմէ՝ իբրեւ շօշափելի արտայայտութիւն մարդկային իրաւունքներու նկատմամբ Ֆրանսայի ունեցած յանձնառութեան: Վեհափառը դատապարտեց Թուրքիոյ «տակաւ աճող ժխտողական ու սպառնական ոգին»: Ան ըսաւ. «Թուրքիան փոխանակ ժողովրդավարութեան դասեր տալու Ֆրանսային, թող ինք յարգէ մարդկային իրաւունքները իր սահմաններուն մէջ»: Վեհափառը նաեւ յայտնեց, որ գնահատանքի ու շնորհակալութեան նամակ մը յղած է Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիին:
Յայտնենք, որ Արամ Ա. կաթողիկոս այս առիթով իր խոր գնահատանքը յայտնեց նաեւ Ֆրանսայի Հայ Դատի գրասենեակին՝ թելադրելով, որ վերանորոգ հաւատքով ու նուիրումով Հայ Դատի մարմինները շարունակեն իրենց աշխատանքը ամէն տեղ: