ՊՈԼԻՍ.- Հինգշաբթի, 22 Դեկտեմբերին Անատոլու Քիւլթիւր կազմակերպութեան ղեկավար Օսման Գավալայի «Ճէզայիր» հանդիսասրահին մէջ կատարուեցաւ Շահան Արծրունիի մեկնաբանութեամբ Կոմիտասի դաշնակի կտորներուն նուիրուած ձայնապնակին ծանօթացումը։ Հանդիսութեան հրաւիրուած էին կոկիկ թիւով արուեստասէրներ, որոնք որպէս նուէր ստացան ձայնապնակէն օրինակներ եւ առիթը ունեցան տեսնելու որ ալպոմը պատրաստուած էր շատ բարձր ճաշակով ու գեղարուեստական շքեղ տպագրութեամբ։
Սոյն ձայնապնակի մեկենասութիւնը ստանձնած են տէր եւ տիկին Տիգրան Կիւլմէզկիլները։ Անիկա արտադրուած է հանրայայտ «Գալան» երաժշտական ընկերակցութեան կողմէ:
Ճոխ ընդունելութեան առընթեր եղան ձայնապնակը ծանօթացնող խօսքեր։
«Առաջին արտայայտուողը եղաւ Օսման Գավալա, որ հինէն ի վեր սէր ու յարգանք կը ցուցաբերէ հայ մշակոյթին ու գեղարուեստին նկատմամբ։ Ան պատշաճ արտայայտութիւններով գովեց Շահան Արծրունիի գործը ու գնահատեց կատարուած աշխատանքը», կը գրէ Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթը։
Ապա ան խօսքը յանձնած է Շահան Արծրունիին։ Դաշնակահարը նախ յիշեցուցած է որ Կոմիտաս առաւելաբար իրեն ալ ծանօթ էր որպէս երգչախմբային գործերու հեղինակ, մինչեւ որ ճանչցաւ անոր դաշնակի գործերը։ «Այս նիւթէն ներս ան յիշած է, թէ իրեն ինչպէս օգնած էին դաշնակահարուհի ու յօրինող Գոհարիկ Ղազարոսեան եւ ուրիշ քանի մը հայ երաժիշտներ։ 1961ին երբ կը նշուէր Կոմիտասի հարիւրամեակը, իրմէ խնդրուեցաւ որ պատրաստէ յայտագիր մը։ Այս առիթով նախ ինք սորվեցաւ, ապա ուրիշներուն ալ սորվեցուց Կոմիտասի այս երեսակը։ 1961ին տարուած այդ աշխատանքին հունտերն են որ այսօր ծնունդ տուած են այս ձայնապնակին, ըսաւ Արծրունի։ Ապա ան շնորհակալութիւն յայտնեց մեկենաս Կիւլմէզկիլ ամոլին, որ ընթացք տուաւ այս ձայնապնակը հովանաւորելու պարտականութեան», կը գրէ «Մարմարա»։
Խօսք առած է նաեւ «Գալան» երաժշտական ընկերակցութեան տէր Հասան Սալթուք, որ ընդգծած է, թէ որքան կարեւոր է Անատոլուի հայկական մշակոյթն ու երաժշտութիւնը։
Վերջապէս խօսած է մեկենաս Տիգրան Կիւլմէզկիլ, որ իր ուրախութիւնը արտայայտած է այսպիսի գործ մը իրականացուցած ըլլալուն համար ու շնորհակալութիւն յայտնած իրեն այս պարտականութիւնը յանձնողներուն։ «Կիւլմէզկիլ ըսաւ որ ինք միշտ պատրաստ է օգնելու մշակութային ձեռնարկներու։ Տիգրան Կիւլմէզկիլ անակնկալ մըն ալ ըրաւ ու հրապարակաւ ըսաւ, որ սրահին մէջ ներկայ է «Մարմարա»ի Խմբագրապետ Ռ. Հատտէճեանը», իր լրատուութիւնը կ՛եզրափակէ «Մարմարա»: