
ԱՊՈՒ ՏԱՊԻ.- Յատուկ հրաւէրովը Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մշակոյթի նախարարութեան, աջակցութեամբ Ապու Տապիի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան, կազմակերպութեամբ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, 29 Նոյեմբերէն 3 Դեկտեմբեր Ազգային տօնի 40ամեայ յոբելեանի առիթով, Հայաստանի պարի պետական համոյթը հանդէս եկաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Ապու Տապիի, Տուպայի, Ալ Այնի, Ում Կուվէյնի էմիրութիւններու մէջ:
Ելոյթներու ընթացքին պարի պետական համոյթը արժանացաւ հանդիսատեսի բարձր գնահատականին: Տեղական իշխանութիւններուն կողմէ համարուելով լաւագոյն համոյթ՝ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մշակոյթի նախարարութեան առաջարկով ելոյթը սփռուեցաւ «Տուպայ Թի.Վի.»ի արբանեակային կայանէն՝ ուղիղ եթերով: