
ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Զաման» օրաթերթը Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 23ին կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու, երկրի արտաքին քաղաքականութեան վերատեսութեան եւ միջազգային քաղաքականութեան վերջին զարգացումներուն նուիրուած Թուրքիոյ դեսպաններու մէկ շաբթուայ վրայ երկարող խորհրդաժողովին ընթացքին յայտնած է. «Մենք պիտի երթանք եւ իւրաքանչիւր հայի խօսինք Ֆրանսայի որդեգրած կեղծաւոր կեցուածքին մասին։ Անոնց պիտի ըսենք, թէ ինչպէս Ֆրանսա եւ այլ երկիրներ մեր միջեւ հարցեր կը ստեղծեն»։
Խօսելով Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի որդեգրման մասին՝ ան յայտնած է, որ «ասիկա Միջին Արեւելքի բռնատիրութիւններէն տարբեր չէ։ Կոչ կ՛ուղղեմ եւրոպացի մտաւորականներուն, որ պաշտպանեն իրենց արժեչափերը։ Մենք արդէն մեր ձայնը պիտի բարձրացնենք։ Պիտի երթանք ուր որ արգիլուած է եւ ըսենք, որ չենք ճանչնար (Հայոց Ցեղասպանութիւնը)։ Եւրոխորհրդարանին մէջ մեր ձայնը պիտի բարձրացնենք։ Եթէ եւրոպացիները այս արժէքները չպաշտպանեն՝ մե՛նք պիտի պաշտպանենք», աւելցնելով, որ «Ֆրանսան է, որ քննութեան կ՛ենթարկուի, ոչ թէ՝ Թուրքիան։ Ֆրանսայի Ծերակոյտը քննութեան կ՛ենթարկուի»։
Տաւութօղլու անգամ մը եւս թուրք դեսպաններուն յանձնարարած է սերտ կապեր հաստատել հայկական Սփիւռքին հետ: «Հայկական Սփիւռքը մե՛ր սփիւռքն է: Մենք պէտք է խօսինք իւրաքանչիւր հայու հետ, ամէն տեղ», ըսած է ան:

Իր կարգին, Թուրքիոյ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան առաջնորդ Տեւելեթ Պահչելի պահանջած է հայ-թրքական արձանագրութունները հանել Թուրքիոյ խորհրդարանի օրակարգէն: Ան նշած է, որ ֆրանսաբնակ թուրքերը պէտք է ամէն ջանք գործադրեն, որպէսզի 2012ի նախագահական ընտրութիւններուն, նախագահ Նիքոլա Սարքոզի պարտութիւն կրէ, միաժամանակ շեշտելով, թէ շտապ միջոցառումներ պէտք է որդեգրուին, որպէսզի Ֆրանսայի Ծերակոյտը Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող օրինագիծը չվաւերացնէ: