ՓԱՐԻԶ, ԵՐԵՒԱՆ.- Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակը Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 22 թուակիր հաղորդագրութեամբ մը ողջունեց Ֆրանսայի խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող օրէնքին վաւերացումը, որ տեղի ունեցած է ձայներու ջախջախիչ մեծամասնութեամբ:
«Սոյն օրէնսդրութիւնը հիմնուած է Եւրոպական Միութեան որդեգրած «Ցեղապաշտութեան եւ օտարատեացութեան դէմ շրջանակ» որոշումին վրայ, որուն համաձայն, Եւրոպական Միութեան մէջ ցեղասպանութեանց ուրացումը պատժելի յանցագործութիւն է, ի շարս այլ յանցագործութիւններու: Կը հաւատանք, որ Ֆրանսայի Ազգային ժողովի խիզախ այս որոշումը ցուցանիշ պիտի հանդիսանայ նաեւ Եւրոպական Միութեան անդամ այլ պետութիւններու համար, մանաւանդ ա՛յն պետութիւններուն, որոնք արդէն ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը՝ իրենց ազգային խորհրդարաններէն ներս որդեգրելու նման բանաձեւներ», նշուած է Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի հաղորդագրութեան մէջ:
Օրինագիծի որդեգրումէն ետք, Ֆրանսայի Հայ Դատի գրասենեակի տնօրէն Հրաչ Վարժապետեան, խօսելով խորհրդարանին մէջ տիրած մթնոլորտին մասին՝ յայտնեց. «Երկու բան շատ դիպուկ էր։ Նախ ըսեմ, որ քննարկումներուն համար միայն մէկուկէս ժամ տրամադրուած էր, սակայն անոնք տեւեցին երեքուկէս ժամ, ինչ որ ինքնին կը վկայէ քննարկումներուն բուռն ըլլալը։ Սակայն ըսեմ, որ արտայայտուող երեսփոխանները՝ ըլլան անոնք աջակողմեան, թէ ձախակոմեան, իշխանամէտ թէ ընդդիմադիր, շատ յստակ կերպով օրինագիծին ի նպաստ արտայայտուեցան՝ զայն տեղադրելով ֆրանսական օրէնքի սահմաններուն մէջ, պաշտպանելու համար Ֆրանսայի հայ քաղաքացին, որ օրէնքով կ՛ուզէ պաշտպանուիլ թրքական պետութեան ժխտողական քաղաքականութենէն։ Երկրորդ յստակ կէտը այն էր, որ թրքական պետութեան վերջին օրերու բոլոր սպառնալիքները, ճնշումներն ու շանթաժները շատ յստակ կերպով դատապարտուեցան ֆրանսացի երեսփոխաններուն կողմէ, որոնք յայտնեցին, որ Թուրքիան, փոխանակ սպառնալու՝ պէտք է իր պատմութիւնը վերատեսութեան ենթարկէ, եթէ կ՛ուզէ մեծ պետութեան մը տիպար դիմագիծը ունենալ»։
Ան յայտնեց, որ երեսփոխանները շատ յստակ ձեւով մերժած եւ դատապարտած են թրքական սպառնալիքները։ «Անոնք ըսին, որ այս հարցի մէջ Թուրքիան միայն լսող կրնայ ըլլալ, որովհետեւ ինք դասեր ունի քաղելիք եւ ոչ թէ դասեր ունի տալիք, այդ ալ՝ Ֆրանսայի նման պետութեան մը, որ համամարդկային արժէքներու ախոյեան կը նկատուի»։
Վարժապետեան յայտնեց, որ թուրքերը խորհրդարանին առջեւ մեծաթիւ ցոյց մը կատարած են, սակայն՝ թրքավարի ցոյց մը, որուն ընթացքին բոլոր պաստառներն ու կարգախօսները հակաֆրանսական եւ ցեղապաշտական էին, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի դէմ էին, այլ ոչ թէ հայութեան, ինչ որ առիթ մը եղաւ, որ այն ֆրանսացիներն ու եւրոպացիները, որոնք «նոր Թուրքիա»ով հմայուած են, իսկապէս տեսնեն, թէ ո՛վ է այդ «նոր Թուրքիա»ն։
Գնահատելով քուէարկութեան արդիւնքը՝ Ֆրանսայի Հայ Դատի գրասենեակի տնօրէնը յայտնեց, որ ան «արդիւնքն է հայ համայնքի բոլոր հոսանքներու միացեալ պայքարին։ Բնականաբար, զայն դրական կը գնահատենք։ Շնորհակալ ենք աջակողմեան եւ ձախակողմեան այն բոլոր երեսփոխաններուն, որոնք կրցան իրենց բարձրութեան վրայ մնալ եւ ի նպաստ այս օրէնքին քուէարկեցին։ Անշուշտ, որոշ վերապահութիւն կը պահենք յաջորդ քայլերուն նկատմամբ։ Այժմ այս օրինագիծը պէտք է Ծերակոյտին մէջ եւս վաւերացուի։ Մենք կ՛ակնկալենք, որ յառաջիկայ Յունուարին Ծերակոյտը եւս հետեւի խորհրդարանի դրական օրինակին, որպէսզի Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող այս օրինագիծը միանգամընդմիշտ Ֆրանսայի տարածքին օրէնքի ուժ ստանայ։ Վստահ ենք, որ Ֆրանսայի յաջողութիւնը նաեւ օրինակ պիտի ծառայէ այլ երկիրներու եւ մանաւանդ Միացեալ Նահանգներու մեր հայրենակիցներուն, որոնք տակաւին Ցեղասպանութեան ճանաչման խնդիր ունին, սակայն վստահ ենք, որ Ֆրանսան իբրեւ օրինակ եւ խթան պիտի ծառայէ արեւմտեան աշխարհի մնացեալ պետութիւններուն։ Ճիշդ է, որ այս օրինագիծի որդեգրումը առաջին հերթին ֆրանսահայ համայնքի յաջողութիւնն է, սակայն նաեւ՝ համայն հայութեան, յատկապէս սփիւռքահայութեան, որ տասնամեակներ ամբողջ, երբ աշխարհը խուլ ականջներով կը մօտենար եւ մենք տակաւին պետականութիւն չունէինք, Սփիւռքի տարածքին տգնաջան աշխատանքով տասնամեակներ խուլ եւ փակ ականջներուն առջեւ պայքարեցաւ, եւ այսօրուան յաջողութեան պտուղը անպայման որ կ՛երջանկացնէ այն բոլոր երախտաւորները, որոնք տասնամեակներ շարունակ պայքարած են, իսկ այսօր չկան մեզի հետ»։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը եւս ողջունեց բանաձեւին վաւերացումը՝ յոյս յայտնելով, որ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները եւս քաջութիւնը ունենան դէմ դնելու պատմական իրականութիւնները ծածկելու Թուրքիոյ փորձերուն:
ՀՅԴ Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանի համոզումով, Ֆրանսայի խորհրդարանին կողմէ սոյն բանաձեւին վաւերացումը դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման աշխատանքին վրայ: «Եթէ Թուրքիա չբարձրացներ այն աղմուկը, որ բարձրացրեց, եւ կարծում եմ կը շարունակի բարձրացնել նաեւ այս օրինագծի ճանապարհի երկրորդ հանգրուանին, երբ այն կը քննարկուի Ֆրանսայի Ծերակոյտում, ապա միջազգային ճանաչման վրայ ուղղակի ազդեցութիւն սա կարող է եւ չունենար», «Արմէնփրէս»ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ Մանոյեան, աւելցնելով, որ Թուրքիա այս մակարդակի աղմուկ բարձրացնելով՝ հարցը աւելի ընդհանրացուց: «Բոլորը տեղեակ են այլեւս. ցանկացած լրատուամիջոց՝ Հնդկաստանից մինչեւ Աւստրալիա, այդ մասին է գրում», յայտնեց Մանոյեան:
«Այսօր, Ֆրանսիայի Ազգային ժողովի կողմից ընդունուած ցեղասպանութիւնների ժխտումը քրէականացնող օրինագծով, Ֆրանսիան վերահաստատեց մարդու իրաւունքների բնօրրան լինելու իր բարձր համարումը եւ մէկ անգամ եւս ապացուցեց իր հաւատարմութիւնը համամարդկային արժէքներին», իր կարգին ըսաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան: «Այս առիթով, կը ցանկանայի եւս մէկ անգամ երախտիքի խօսք ասել Ֆրանսիայի բարձրագոյն ղեկավարութեանը, Ազգային ժողովին եւ ողջ ֆրանսիացի ժողովրդին: Դեռեւս 10 տարի առաջ օրէնքի ուժով ճանաչելով Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ ֆրանսիական ժողովուրդը ցոյց տուեց, որ մարդու իրաւունքները բարձրագոյն արժէք են, իսկ այսօր, ընդունելով այս օրինագիծը՝ ան վերահաստատեց, որ մարդկութեան դէմ գործած յանցագործութիւնները չունեն վաղեմութեան ժամկէտ, եւ որ դրանց ժխտումը ենթակայ է միանշանակ դատապարտման», աւելցուց Նալբանդեան: